16 մայիսին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան «Ահազանգ» նախաձեռնող խումբի անդամ Քրիստինէ Վարդանեան ըսած է, որ ներդրումները, ստուերի դէմ պայքարը, բարձր աշխատավարձերու խրախուսումը կը հանդիսանան այն հիմնաւորումները, զորս կառավարութիւնը ներկայացուցած է Հարկային օրէնսգիրքի բարեփոխումներու փաթեթին համար:
Յիշեցնենք, որ կառավարութիւնը Հարկային օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծերու փաթեթով կ՛առաջարկէ անցնիլ եկամտահարկի համահարթեցուած դրոյքաչափի: Եթէ ներկայիս կը գործէ եկամտային հարկի եռաստիճան դրոյքաչափերու համակարգը` 23 տոկոս, մինչեւ 150 հազար դրամ աշխատավարձ ստացողներուն, 28 տոկոս` 150 հազար դրամէն մինչեւ 2 միլիոն դրամ գանձողներուն, եւ 36 տոկոս` 2 միլիոն դրամէն բարձր մուտք ունեցողներուն, ապա e-draft կայքին վրայ հրապարակուած նախագիծով կ՛առաջարկուի սեպտեմբեր 1-էն բոլորէն առնել 23 տոկոս եկամտային հարկ` մինչեւ 2023 թուական եկամտային հարկի դրոյքաչափը հասցնելով 20 տոկոսի:
Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուած է, որ կը խախտի կարեւորագոյն սկզբունքներէն մէկը` շատէն շատ, քիչէն քիչ սկզբունքը, բայց եթէ առիթ կայ նուազեցնելու ոեւէ մէկուն հարկային բեռը, ապա ատիկա պիտի ըլլայ քիչ եկամուտ ունեցողինը:
«Հայաստանի մէջ այսօր կայ 570 հազար արձանագրուած աշխատող, որոնցմէ միայն 65 տոկոսը ունին 150 հազար դրամէն ցած եկամուտներ, իսկ անոնց 25 տոկոսը աշխատող աղքատներ են: Մարդիկ կ՛աշխատին, բայց չեն կրնար յաղթահարել աղքատութիւնը: Վերջին հաշիւներուն համաձայն, նուազագոյն աշխատավարձը չ՛ապահովեր Հայաստանի մէջ առկայ նուազագոյն կենսաապահովման զամբիւղը: Եւ նման պայմաններու մէջ, երբ աղքատութեան եւ անգործութեան մեծ տոկոս ունինք, անընդունելի է Հարկային օրէնսգիրքին մէջ առաջարկել այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք հարուած կը հասցնեն այս խոցելի խումբերուն: Ճիշդ այս հիման վրայ ալ «Ահազանգ»-ը սկսաւ իր գործունէութեան», ըսած է Վարդանեան:
Անոր համաձայն, այս փոփոխութիւնները պիւտճէին մէջ պիտի յառաջացնեն մուտքերու պակասուրդ, որ կրնայ կազմել 22 միլիառ:
Ք. Վարդանեան աւելցուցած է, որ աշխարհի երկիրներու 95 տոկոսը հարկումը յառաջատուական տոկոսով կը կատարէ: Ուստի անհասկնալի է, թէ ի՛նչ է համահարթեցման դիմելու նպատակը, մանաւանդ որ բոլոր այն երկիրները, որոնք համահարթեցման սկզբունքով առաջնորդուած են, վերադարձած են յառաջատուականին:
«Այս պահուն գործող յառաջատուական համակարգը, այո՛, հեռու է կատարեալ ըլլալէ եւ պէտք է բարելաւուի: Բայց անոր փոխարէն նախորդ տարի սեղանին դրուեցաւ նախագիծ մը, զոր ոչ մէկ ձեւով կարելի է կոչել Հարկային օրէնսգիրքի բարելաւման ծրագիր: Ասիկա քանի մը քայլ ետ է ու կը հակասէ ներկայի իշխանական ուժին յայտարարած նպատակներուն, տնտեսական յեղափոխութեան, եւ մեզ կը տանի դէպի հասարակութեան տարբեր շերտերու միջեւ բեւեռացման խորացման ու մեծ թիւով աղքատներու եւ անգործներու: Այս բոլորը նկատի ունենալով, պէտք է կարելի եւ անկարելի ամէն բան ընել, որպէսզի այս նախագիծը օրէնքի ուժ չստանայ», ըսած է նախաձեռնութեան անդամը` ահազանգելով այլ խնդիրի մասին ալ, որ, եկամտային հարկի համահարթեցման զուգահեռ, պիտի վերականգնի պարտադիր կուտակային համակարգի վճարման 2,5 տոկոսը, որուն վճարման պարտականութիւնը քաղաքացիին վրայէն հանուած եւ ծանրացած էր նոյն քաղաքացիներուն կողմէ ձեւաւորուած պիւտճէին վրայ:
Նախաձեռնող խումբի մէկ այլ անդամ, ՀԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Արգիշտի Գէորգեան աւելցուցած է, թէ կառավարութեան ներկայացուցած բարձր աշխատավարձերու վերաբերող այն հիմնաւորումն ու տրամաբանութիւնը, թէ անիկա կրնայ խթան ըլլալ, իրատեսական չէ, քանի որ մեր երկրին մէջ բոլորն ալ կը ձգտին բարձր աշխատավարձի: «Բայց ատիկա տեղի չ՛ունենար մասնագիտական ցած որակաւորման կամ աշխատաշուկայ չըլլալու պատճառով: Եթէ հարկային օրէնսգիրքին մէջ կը նուազեցնենք պիւտճէի մուտքերը, անոր փոխարէն լաւ պիտի ըլլար այդ մուտքերը ներդրուէին մարդոց մասնագիտական որակաւորումը բարձրացնելուն միտուած ծրագիրներուն մէջ: Յաջորդ հիմնաւորման մասով, թէ այսպիսով մեր երկրին մէջ ներդրումները կ՛աւելնան, աւելի գրաւիչ երկիր կը դառնայ, ապա ըսեմ, որ, ըստ միջազգային կազմակերպութիւններու զեկուցումներուն, ներդրումներ ունենալու համար առաջնայինը ոչ թէ բարձր աշխատավարձերն են, այլ կայուն շուկան, կայուն գործարար ոլորտը, պետութեան ենթակառուցուածքները եւ այլն: Եկամտային հարկը նուազեցնելով` Հայաստանը ներդրումային առումով աւելի գրաւիչ չենք դարձներ», յայտնած է Գէորգեան:
Անդրադառնալով նախաձեռնութեան հետագայ կատարելիքներուն` դաշնակցական երիտասարդները հաստատած են, որ ցոյցերը պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ բոլոր գործողութիւնները նպատակաուղղուած պիտի ըլլան սխալը կանխարգիլելու եւ հարկային գործող համակարգը իսկապէս բարելաւելու: Իսկ եթէ յանկարծ օրինագիծը օրէնքի ուժ ստանայ, «Ահազանգ»-ի անդամները կը հաստատեն, որ քանի մը քայլ ետեւ գացած պիտի ըլլանք: Հետեւաբար, լիայոյս են, որ որոշում կայացնողները պիտի կարենան պատկերացնել այս բոլորը եւ չորդեգրեն որոշում մը, որ մեր կեանքը բարելաւելու փոխարէն, աւելի վատացնէ: