Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց, որ նոյեմբերին Քիեւի եւ Մոսկուայի ներկայացուցիչներուն միջեւ ամերիկեան միջնորդութեամբ ժողով մը պիտի գումարուի` այս տարուան սկիզբէն ի վեր կանգ առած խաղաղութեան բանակցութիւնները վերականգնելու նպատակով:
Զելենսքի ուքրանական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք պատրաստ ենք բանակցելու: Եթէ խնդիրը կը վերաբերի հողերու հարցին, պէտք է ղեկավարներու մակարդակով զայն քննարկել, իսկ մնացեալ հարցերը թեքնիք խմբակներու մասնագիտութիւնն են: Ուստի այդ բոլորը կարելի է նոյեմբերին քննարկել»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով նախապէս յայտարարած էր, որ Ապու Տապիի մէջ նոյեմբերի առաջին կիսուն տեղի ունենալիք բանակցութիւնները, ուր անվտանգութեան ապահովման հարցերը պիտի քննարկուին, եռակողմ ձեւաչափով պիտի ըլլան:
Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով իր կարգին «Վեսթի»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ Ռուսիան պատրաստ է 4 նոյեմբերին վերսկսելու Ուքրանիոյ շուրջ բանակցութիւնները:
Ուշաքով յայտարարեց, որ Եւրոպան պէտք է մասնակցի Ուքրանիոյ մէջ խաղաղ կարգաւորման քննարկումներուն, որովհետեւ անոր դիրքորոշումը կրնայ վճռական ըլլալ:
«Միայն Քիեւի հետ խօսիլը բաւարար չէ, այլ կարիքը ունինք խօսելու ամբողջ Եւրոպայի հետ, որ Քիեւին ամբողջական աջակցութիւն կը տրամադրէ», աւելցուց ան:


