Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին պետական ամավարկն ու անոր մէջ բարեկարգումներ կատարելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ նման բարեկարգումներ չորդեգրելու պարագային «Սետր»-ի խորհրդաժողովը իր նպատակին ծառայած չ՛ըլլար:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը եւ անոր վերաբերող զարգացումները:
Ֆուշէ վերստին հրաւիրեց Պըրրին Ֆրանսա այցելելու, իսկ խորհրդարանի նախագահը խոստացաւ ընդառաջել այդ հրաւէրին:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Աւստրալիոյ դեսպան Ռեպեքա Կրինտլին, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու օրէնսդրական նիստին վերաբերող կարգ մը օրինագիծեր: