Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռապըրթ Փալատինօ Սուտանի նախագահ Օմար Պաշիրի իշխանութիւնը տապալած սուտանական բանակին կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքայինները ներառող «համապարփակ» կառավարութիւն մը:
Նախարարութիւնը նշեց. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն փոխանցման իշխանութիւններուն կոչ ուղղել ինքնազսպումի եւ կառավարութեան մէջ քաղաքայիններուն մասնակցութեան առիթ ընծայելու»:
«Սուտանցի ժողովուրդը յստակօրէն յայտնեց, թէ կ՛ուզէ փոխանցում մը, որ կը ղեկավարուի քաղաքայիններու կողմէ, եւ այդ հարցը պէտք է տեղի ունենայ երկու տարիէն շատ աւելի առաջ»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը չբացատրեց, թէ Միացեալ Նահանգներ պիտի ընդունի՞ն բանակայիններու փոխանցման փուլի մը համար իշխանութիւնը, եթէ այդ փուլը երկու տարիէն նուազ ըլլայ:



