Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդը քաղաքապետ ընտրած է Ճեք Հաճինեանը: Քաղաքապետի պաշտօնը մօտաւորապէս 7 ամիս թափուր մնացած էր, որովհետեւ նախկին քաղաքապետ Վընըսա Տելկատօ հրաժարած էր, մասնակցելու համար նահանգային Ծերակոյտի ընտրութիւններուն: Այս միջոցին Հաճինեան դարձած էր քաղաքապետի պաշտօնակատար:
Քաղաքին տարբեր յանձնաժողովներու եւ բաժանմունքներուն մէջ աշխատելու կողքին, Ճ. Հաճինեան եղած է նաեւ Քալիֆորնիոյ քաղաքներու միութեան Բնակարանային, համայնքային եւ տնտեսական զարգացման յանձնախումբի փոխատենապետ, ինչպէս նաեւ Սան Կապրիէլ հովիտի ու «Կէյթուէյ» քաղաքներու կառավարութեանց վարչական խորհուրդներուն անդամ:
Իբրեւ Մոնթեպելլօ քաղաքի երկարամեայ բնակիչ, Հաճինեան գործօն մասնակցութիւն բերած է թէ՛ քաղաքի տնտեսական ու քաղաքական աշխատանքներուն, եւ թէ հայկական համայնքէն ներս գործող կազմակերպութեանց աշխատանքներուն: Ան եղած է Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան գանձապահը ու Մոնթեպելլօ-Ստեփանակերտ քոյր քաղաքներու մարմինի անդամ: