Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Քողարկուած» Աջակցութիւնն Ու Պարտքը

Ապրիլ 6, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Իսրայէլ վերատիրացաւ 1982-ին իսրայէլեան բանակի Լիբանան ներխուժման ընթացքին Պեքաայի դաշտին մէջ սուրիական բանակին հետ «Սուլթան Եաաքուպ» ճակատամարտի ընթացքին անյայտացած զինուորներէն Զաքարիա Պոմելի դիակին: Իսրայէլեան իշխանութիւնները այդ «ձեռքբերում»-ը յայտարարեցին Իսրայէլի մէջ 9 ապրիլին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններէն 6 օր առաջ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Ռուսիա այցելութենէն մէկ օր առաջ:

37 տարի առաջ անյայտացած զինուորի դիակի յայտնաբերման թայմինկը բնականաբար զուգադիպութիւն մը չէր: Ծանօթ է, որ Նեթանիահու խորհրդարանական ընտրութիւններու ընտրապայքարին կը մասնակցի ձեռնունայն` առանց նշանակալից ձեռքբերումներու, ուստի եւ կը գտնուի տկար դիրքի վրայ: Այդ իրողութիւնը միջազգային ուժերուն առիթ կ՛ընծայէ շահագործելու ստեղծուած կացութիւնն ու Նեթանիահուի իշխանատենչութիւնը:

Առաջինը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն էր, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք եւ բռնագրաւեալ Կոլանի վրայ բռնագրաւող այդ երկրին գերիշխանութիւնը ճանչնալով օժանդակութեան ձեռք երկարեց ձեռքբերումներու ծարաւ եղող «Պիպի»-ին: Թրամփ վստահաբար փոխարէնը Միացեալ Նահանգներու 2020-ի նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի ստանայ Ամերիկայի ազդեցիկ հրեայ համայնքին աջակցութիւնը:

Քաղաքականութեան մէջ չկան ձրի ծառայութիւններ, առաւել եւս երբ զայն մատուցողը Փութինն է: Վերջինս Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Նեթանիահուի հետ եւ իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն կողմէ այդ հանդիպումին նախօրեակին շրջանառութեան մէջ դրուած, Պոմելի դիակի յայտնաբերման դափնեպսակը իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան գլխուն զետեղող, ապատեղեկատուութիւնը հերքելու եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ շփոթ փարատելու համար ընդգծեց. «Ինչպէս գիտէք, մեր բանակայիններն ու անոնց սուրիացի գործընկերները օգնեցին Զաքարիայի դիակի յայտնաբերման»: Նեթանիահու իր հետ Իսրայէլ տարաւ անոր դիակը: Այստեղ, սակայն, յստակ չէ, թէ Ռուսիոյ նախագահը իր մատուցած ծառայութեան դիմաց ճիշդ ի՛նչ գանձած է կամ պիտի գանձէ:

Ծանօթ է, որ իսրայէլացի անյայտ կորսուած զինուորներու դիակներու վերատիրացումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ իսրայէլեան հասարակութեան համար: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը իր 5 ապրիլի թիւին մէջ հրապարակեց յօդուած մը, որուն խորագիրն էր «Նեթանիահու կը մօտենայ ընտրական յաղթանակին` շնորհիւ Փութինի «Հոկտեմբերեան անակնկալ»-ին»: Ըստ օրաթերթին կատարած հարցախոյզին, Իսրայէլի գործող վարչապետը այժմ շուրջ 53-67 առ հարիւրի զօրակցութիւն կը վայելէ:

Կը մնայ սպասել եւ տեսնել, թէ Թրամփի եւ Փութինի մատուցած ծառայութիւնները պիտի կարենա՞ն փրկել Նեթանիահուն: Մէկ բան, սակայն, յստակ է. յաղթանակ արձանագրելու պարագային ան մեծապէս պարտական պիտի ըլլայ այդ երկու ղեկավարներուն: Յաղթանակի նշումէն ետք, պիտի գայ պարտքի վճարման պահը: Մինչ Թրամփին պահանջած գինը կը թուի դիւրին վճարելի ըլլալ, նոյնը կարելի չէ ըսել Փութինին պահանջած գինին համար, որ հաւանաբար անախորժ ըլլայ: Այդ մասին կը յուշէ նաեւ այն տեղեկատուութիւնը, թէ իսրայէլեան աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնած են, որ ռուսական բանակը կը շարունակէ Պոմելի հետ անյայտ կորսուած իսրայէլացի միւս զինուորներուն` Եհուտա Քացի եւ Զաւի Ֆելթմանի դիակներուն որոնումը: Այլ խօսքով` Մոսկուա Նեթանիահուին նշած է, թէ անոնց դիակները կրնան «յարմար պահու մը յանկարծ յայտնաբերուիլ», եթէ ան վարչապետ ընտրուելէ ետք իր «այս հաշիւէն» ունեցած պարտքը վճարէ…:

Այս բոլորէն ետք, ուշադրութենէ չի վրիպիր այն իրողութիւնը, թէ Թրամփի եւ Փութինի կատարածը Իսրայէլի ընտրութիւններուն ուղղակի միջամտութիւն է, սակայն ոչ անօրինական, այլ` քողարկուած:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային Պետական Թատրոնի Խումբը

Յաջորդը

Լոնտոն Կը Խնդրէ «Պրեքզիթ»-ը Յետաձգել Մինչեւ 30 Յունիս, Պրիւքսել Թերեւս Մէկ Տարի Տրամադրէ

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?