Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Լսարան Թիւ 149. «Հայաստանի Թատերական Կեանքը` Այսօր» Նիւթով Դասախօսութիւն

Ապրիլ 6, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 149-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայաստանի թատերական կեանքը` այսօր»: Նիւթը ներկայացուցին Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեան:

Մարտիկ Տէմիրճեան ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի տնօրէն Արման Նաւասարդեանը եւ գեղարուեստական ղեկավար Նարինէ Գրիգորեանը պիտի ներկայացնեն եւ զեկուցեն ընդհանրապէս Հայաստանի մէջ եւ մասնաւորաբար Համազգային պետական թատրոնի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին: Անոնք պիտի անդրադառնան նաեւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ ստեղծուած թատրոնի վիճակին ու պայմաններուն:

Արման Նաւասարդեանը խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ թատրոնի կառավարման ձեւին եւ ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ թատրոններու հարցը օրհասական է: Վերջերս օգտագործուած է ՊՈԱԿ բառը, որ կը նշանակէ Պետական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւն: ՊՈԱԿ-ներուն մէջ կը գտնուին նաեւ թատրոնները: Բայց թատրոնները չեն կրնար կառավարուիլ ինչպէս բոլոր ՊՈԱԿ-ները, որովհետեւ թատրոնը իւրայատուկ կառավարման ձեւ կ՛ենթադրէ: Ան ըսաւ. «Մենք` թատրոնի մարդիկս, կ՛ուզենք , որ թատրոնի կառավարման ձեւը փոխուի եւ թատրոնի մասին օրէնք ըլլայ»:

Ինչ կը վերաբերի Համազգային պետական թատրոնին, Արման Նաւասարդեան ըսաւ, թէ անիկա ստեղծուած է Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կազմին մէջ 1991-ին, Սօս Սարգսեանի կողմէ: 2003-ին ստացած է պետական կարգավիճակ: Անիկա պետական թատրոն է: Ան յայտնեց, որ անցեալ ամսուան ընթացքին թատրոնը թատերական հիմնարկին միաւորելու եւ զայն լուծարելու հարցերը ապատեղեկացուածութեան արդիւնք եղած են, որովհետեւ որոշում կայացնողները տեղեակ չեն եղած Համազգային պետական թատրոնի գործունէութեան եւ ծրագիրներուն մասին: Չէին գիտցած նաեւ, որ թատրոնի համար նոր շէնք կը կառուցուի: Համազգային պետական թատրոնի շէնքը կառուցման ընթացքի մէջ է, հողը պետութիւնը յատկացուցած էր:

Ա. Նաւասարդեան նշեց, որ թատրոնի մարդիկը փխրուն մարդիկ են, զգացմունքային են, երեխաներու պէս են, աննշան բանէն կրնան ոգեւորուիլ եւ հիասթափուիլ, այս տեսակ հարցերը թատրոնի բնականոն ընթացքը կը շեղեն: Ապա խօսելով Համազգային պետական թատրոնի աշխատանքներուն մասին ըսաւ. «Մենք այսօր խնդիր ունինք թատրոնի խաղացանկը թարմացնելու:

Մենք նոր ներկայացումներ կը պատրաստենք անընդհատ: 28 յունուարին ներկայացուցինք «Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացումը, 23-24 մարտին տեղի ունեցաւ նոր առաջնախաղ` Ֆլորիա Զելլերի «Ճշմարտութիւն» ստեղծագործութիւնը, ասոր զուգահեռ նոր ձեւաչափով մենք պատրաստեցինք «Փանտա արջերի պատմութիւնը» թատերականացուած ներկայացումը: Մենք ամէն ճիգ պիտի թափենք ստեղծագործելու համար: Հարցերը մեր վազքի ընթացքը կը դանդաղեցնեն: Մենք ունինք հիւրախաղեր: Հոսկէ պիտի վերադառնանք Հայաստան եւ ամսուն 12-ին պիտի երթանք Մոսկուա` հայ համայնքին համար ներկայացնելու «Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղը, որմէ ետք պիտի երթանք Վլատիմիր քաղաք` խաղալու «Լիւպով» փառատօնային ներկայացումը եւ «Սովորական օր» մենաներկայացումը, ապա անցնինք Եարոսլավըլ քաղաք, ուր պիտի խաղանք երկու ներկայացում եւ վերադառնանք Երեւան: Եթէ տարեկան մեր ծրագիրին մէջ կայ երեք առաջնախաղ, մենք արդէն չորս ներկայացում ունինք, չհաշուած նոր ձեւաչափը, եւ ամբողջ տարուան ընթացքին ծրագրած ենք ունենալ 6-7 ներկայացում»:

Ա. Նաւասարդեան պատասխանելով ներկաներու հարցումներուն ըսաւ, թէ Հայաստանի մէջ կը գործեն 16-17 պետական թատրոններ: Ոչ պետական թատրոնները չեն կրնար պահել խաղացանկ եւ աշխատակից: Պետութիւնը միայն նպաստ կը վճարէ պետական թատրոններուն: Օրինակ տալով Համազգային պետական թատրոնը ան ըսաւ, թէ իրենք ունին 52 աշխատակից, որոնք կը ստանան պետական աշխատավարձք: «Պետութիւնը մեզի տարեկան կու տայ 67 միլիոն դրամ, որ միայն աշխատավարձքի վրայ կը ծախսուի», ըսաւ Նաւասարդեան:

Նարինէ Գրիգորեան իր կարգին ըսաւ, թէ ամէն թատրոն իր ուրոյն ձեւը ունի կառավարման իմաստով: Ամէն թատրոն անհատական առանձին վերաբերմունք կ՛ենթադրէ: Իսկ Համազգային պետական թատրոնը կ՛աշխատի իր լաւագոյնը տալ: «Մեզի կ՛ուրախացնէ Հայաստանի մէջ այն իրականութիւնը, որ մեր հանդիսատեսի շարքերուն մէջ երիտասարդներուն թիւը մեծ է: Այսօր շատ երիտասարդներ հետաքրքրուած են թատրոնով: Այսօր կիզակէտի մէջ է Համազգային պետական թատրոնը: Համազգայինի դերասանական կազմը երիտասարդ է», անդրադարձաւ ան, ապա ըսաւ. «Հիմակուան մեր բերած չորս ներկայացումները իրարմէ տարբեր են` հայրենասիրական, վաւերագրական եւ այլն: Եթէ թատրոնը սահմանափակուի միայն հայրենասիրութեամբ, ատիկա թերեւս կը յոգնեցնէ հանդիսատեսը: Մենք նախ մեզի պէտք է հարցնենք, որ երիտասարդը թատրոն գալով ի՞նչ կը փնտռէ: Ինչ պէտք է ընենք, որ շատ աւելի հանդիսատես ունենանք»:

Արման Նաւասարդեան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք երեք կարեւոր բանի, որոնց վրայ պէտք է անխնայ պետական հոգածութիւն ցուցաբերուի` բանակ,  մշակոյթ եւ կրթութիւն, այս երեքը օդի եւ ջուրի պէս պէտք են մեզի, ասոնք մեր տեսակը, մեր ձեւը եւ մեզ պիտի պահեն:

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Համազգային պետական թատրոնի նոր շէնքի հիմքին մէջ դրուեցաւ Սօս Սարգսեանի մասունքը եւ կոչ-պատգամը թատրոնի մարդոց, դերասաններուն եւ ապագայ սերունդին: Ես յոյս ունիմ, որ կը յարգենք այս բոլորը»:

 

 

Նախորդը

Պզտիկ-Մզտիկ. Ուսուցիչներու Հետ Հանդիպումի Ա. Փուլ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգային Պետական Թատրոնի Խումբը

RelatedPosts

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու
Գաղութային

Մեծարանքի Հանդիսութիւն Հայ Աւետարանական Վարժարաններու Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

Մարտ 31, 2023
Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի  Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում  Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս
Գաղութային

Դաշնակցական Մտաւորական Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակի Նշում Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէս

Մարտ 30, 2023
Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ-ին Կը Նուիրեն
Գաղութային

Արտակարգ Իրավիճակներու Մարմին-ԿԱՄՔ

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In