Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Արմէն Գարոյի Կիսանդրիի Բացում

July 7, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ձախէն աջ ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին Տիկին, Քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան եւ Տիկինը

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, յունիս 28-ի երեկոյեան Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը կազմակերպած էր յատուկ նախաձեռնութիւն մը` ի  պատիւ  Հայաստանի  նախագահ Արմէն Սարգսեանի: Ներկայ էին` պետական հիւրեր, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպան Ռիչըրտ Միլսը,  հոգեւորականներ,  հայկական  կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:

Արմէն Գարօ, գործ Մկրտիչ Տարագճեանի

Այս առիթով բացումը կատարուեցաւ դեսպանատան շէնքին առջեւ տեղադրուած, Միացեալ Նահանգներու մէջ ծառայած Հայաստանի  առաջին  դեսպան եւ դեսպանատան հիմնադիր` Արմէն Գարոյի յուշարձանին, որուն հեղինակն է քանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ  Տարագճեանը, իսկ ճարտարապետը` Արամ Ալաճաճեանը:

Մեծադիր արձանը կը ներկայացնէ Գարեգին Փաստրմաճեանը` իբրեւ պետական գործիչ,  բայց այնտեղ ներկայ  է նաեւ յեղափոխական գործիչը` Պանք Օթոմանէն  մինչեւ «Նեմեսիս» գործողութիւնը  ղեկավարող  Արմէն Գարոն:

Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներու  մայրաքաղաքի զանազան դեսպանատուներու շարքին գտնուող  Հայաստանի  դեսպանատան  այցելուները և նաեւ անցորդները իրազեկ պիտի դառնան  100-ամեակ  մը  առաջ  Միացեալ Նահանգներու մէջ  հայկական  դեսպանութեան  մը  գոյութեան,  երբ իր հարեւանութեան գտնուողներէն քիչեր ներկայացուած էին այնտեղ:

Յուշարձանի իրականացումը եղած է Հայաստանի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան, Հայ դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի համատեղ գործակցութեամբ, յատկապէս` Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ջանքերով:

Ձեռնարկի աւարտին Հայաստանի նախագահին կողմէ Մկրտիչ Տարագճեանին գնահատակագիր մը յանձնուեցաւ: Այս առիթով քանդակագործը Հայաստանի դեսպանատան նուիրեց   ամերիկահայ երկու ականաւոր հայորդիներու` գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի եւ  երաժիշտ Ալան Յովհաննէսի  քանդակները:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Նախորդը

Հաւատք Անյոյս Եւ Սէր

Յաջորդը

Նոր Գիրքեր

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.