ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ
Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի նշումը կազմակերպող ու համակարգող յանձնախումբը կարելի չեղաւ գործի մղել Հայոց ցեղասպանութեան համազգային յանձնաժողովին համազօր հեղինակութեամբ. թէ ինչո՞ւ, յստակ չէ: Փաստօրէն, սակայն, այդ թերացումը սրբագրեց Կիլիկիոյ հայրապետ Արամ Ա. կաթողիկոսը: Նման յանձնաժողովի մը անհրաժեշտութիւնը կը բխէր այդ տօնախումբին տալու նոյն հնչեղութիւնը, ինչ որ` Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնաժողովին, որովհետեւ կարեւորութիւնը տեսանելի է առաջին իսկ անդրադարձին, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք անհրաժեշտութիւնը մեր նորագոյն պատմութեան ճշգրիտ իրականութիւնը փոխանցելու` առանց անտեղի ժամանակի կորուստի:
Այդպէս չեղաւ դժբախտաբար, եւ ուրեմն անակնկալ մը չէր բնաւ, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հովուապետը` Արամ Ա. վեհափառը, փաստօրէն ներկայացուցիչը հայոց սփիւռքին, իր շուրջը հաւաքեց իր բոլոր զաւակները` տօնելու, վեր առնելու Հայաստանի անկախութեան ու հայ պետականութեան վերահաստատման հարիւրամեակը` կատարելով այդ հանդիսութիւններու նուիրուած համաժողովին բացումը 22-24 մարտ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ:
Իր շուրջ հաւաքեց հայրենի ու սփիւռքի պատմաբաններ եւ մտաւորականներ, որոնք երեք օրուան ընթացքին վերլուծեցին, քննարկեցին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման նշանակութիւնն ու պատմաքաղաքական ենթահողը, անոր դերը` հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ, Հայաստանի խորհրդայնացման ընթացքն ու անոր հետեւանքները, Հայաստանի Հանրապետութեան դերը` մեր իրաւունքներու պահանջատիրութեան աշխատանքներու հետապնդման մէջ: Մանաւանդ նաեւ անկախութեան գաղափարականի գիտակցութիւնն ու պահպանումը` թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ, առանց մռռնալու Հայ եկեղեցւոյ դերն ու նպաստը` Հայաստանի անկախութեան, կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ:
Ընդարձակ ու ծաւալուն նիւթեր, որոնք երեք օրերու վրայ սահմանափակ ժամանակի մէջ առաւելագոյն չափով ու կարելի ճիգով ներկայացուեցան, եւ ապա քննարկուեցան` թեր ու դէմ կարծիքներ արտայայտելով: Անվարան կարելի է ըսել, որ համաժողովին բարձրացուած բոլոր հարցերը քննուեցան գիտական փաստարկումներով ու տուեալներով` մանրազնին ուսումնասիրութիւններու իբրեւ արդիւնք:
Ուրախանալի երեւոյթ էր տեսնել գերակշռող թիւ` հայրենի պատմագէտներուն, որոնց վերլուծութիւններն ու մեկնաբանութիւնները կը հաստատէին պատմութեան այս ժամանակահատուածին մասին իրենց ուսումնասիրութիւններու խորութիւնն ու ծաւալը: Քաջատեղեակ եւ բծախնդրօրէն ուսումնասիրած ըլլալու հանգամանքը կը հաւաստիացնէ նաեւ, որ մօտ է պահը պատմութիւնը վերականգնելու ճշգրիտ արժեւորումներով:
Զգալի էր մայիս 28-ի թեւածող ոգին, որ կրկներգի մը նման կը հնչէր զանազան զեկուցողներու ելոյթներուն մէջ, թէ` մեր ժողովուրդը լքուած իր ճակատագրին, առանձին, կոտորակուած, արիւնաքամ ու սպառած, սակայն համազգային ճիգով մը ծառացած Հայաստան ներխուժող թուրք ու թաթար խուժաններուն դէմ եւ ինքզինք գերազանցելով կասեցուցած էր համաթուրանական հորդաները եւ` յարութիւն արած: Հրաշք էր տեղի ունեցածը: Եղեռնէն ճիշդ երեք տարի ետք միայն, տակաւին Եղեռնի վէրքերը բաց` հայ զինուորը դարերու ստրկութեան շղթաները կը փշրէր, ու հայ ժողովուրդը կը ներկայանար աշխարհին հայ պետականութեամբ, որուն առաջին ճանչցողը կ՛ըլլար նոյնինքն պարտուած Թուրքիան: Մայիս 28-ով հայ նոր մարդն էր, որ կը յառնէր իր ազգային-քաղաքական պահանջները հետապնդելու, եւ կը բացուէր մեր նոր ժամանակներու, նոր պայքարի նոր առաւօտը, որ սակայն շատ կարճ տեւեց: Տակաւին նոր ձեւաւորուող պետական վարչամեքենայի կազմակերպումը չաւարտած եւ Սեւրի դաշնագիրով միացեալ Հայաստանի սահմաններու ճշդումը միջազգայնացնելու աշխատանքին մէջ` Հայաստան կ՛անցնէր պոլշեւիկեան վարչակարգի տակ եւ կը սկսէր ուրիշ դժուարին ճանապարհ մը:
Համաժողովը անդրադարձաւ նաեւ մայիս 28-ն արժեւորելու եւ անոր արդար տեղ տալու, պատմութիւնը վերականգնելու միանգամ ընդմիշտ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան պարտաւորութեան: Հնչեց նաեւ առաջարկ թելադրանք մը` նշել մայիս 28-ը որպէս Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օր, իսկ սեպտեմբեր 21-ը` վերանկախացման օր:
Ի հարկէ կարելի չէր երեք օրերու ընթացքին երկուքուկէս տարուան պետականութեան, քաղաքական, միջազգային, շրջանային եւ կազմակերպչական կոթողային աշխատանքներու մասին ուսումնասիրական զեկոյցները սպառել: Սակայն մեծապէս գնահատուեցաւ համաժողովի նախաձեռնութեան մտայղացումը իրականացնող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ Հայ եկեղեցին կը պահէ առաջնորդողի դերակատարութեան մէջ` հովուելով սփիւռքացած զանգուածները հայրենիքի տեսլականով եւ հայ մշակոյթի արժէքներով: Եւ յիրաւի, Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի ոգիով եւ անոր ուղիով առաջնորդուած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը անցնող հարիւրամեակին մայիս 28-ի ոգիով առաջնորդեց եւ վառ պահեց վտարանդի, գաղթական ու տարտղնուած հայ ժողովուրդի բեկորները:
Այդ աւանդը ամուր կերպով պահուեցաւ ի հեճուկս քաղաքական բոլոր ոտնձգութիւններուն` նսեմացնելու մայիս 28-ի խորհուրդը, մինչեւ այն օրը, երբ այս անգամ մայիս 28-ով կերտուած Սարդարապատէն ղօղանջեցին զանգերը անկախութեան: Այս անգամ եւս մեր ժողովուրդը հաւաքական կամքով արտայայտեց եւ հաւաքական մտածողութեամբ ձեւաւորեց ազատ, անկախ Հայաստանը` թօթափելով խորհրդային քարացած եւ օտարող վարչաձեւը: Տասնամեակներով պահուած ու փայփայուած եռագոյն դրօշն ու քայլերգը յանձնուեցան անոր իրաւատիրոջ` ազատ ու անկախ Հայաստանի նոր հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին:
Կրկին անգամ բախտորոշ ու փայլուն իրագործում մըն էր երրորդ հանրապետութեան ստեղծումը, որ այսօր կոչուած է բազմաթիւ հրամայականներու` սրբագրել պատմութեան էջերուն մէջ մեր ժողովուրդը պառակտող, արատաւորող, բաժանարար քաղաքական դէմքերն ու դէպքերը: Եւ կրկին անգամ արեւմտահայ ու արեւելահայ զանգուածները վերածել մէկ քաղաքական մտածողութեան ու մէկ ամբողջութեան` դիմագրաւելու համար նոյնքան վտանգաւոր շրջանային եւ միջազգային քաղաքական սադրանքներ, որոնք կը սպառնան տակաւ ինքզինք գտնող մեր հայրենիքին:
Մայիս 28-ն հրաշալի նախադրեալ մըն է այս առաջարկին` իր թելադրականութեամբ հաւաքական մտածողութեան, միասնական գործունէութեան եւ աննահանջ ու յարատեւ պայքարի, յանուն ամբողջական Հայաստանի եւ ամբողջական հայութեան:
Վեհափառ հայրապետը իրաւ ճարտարապետն էր այս համաժողովի կազմակերպման` մայիս 28-ը վերածելով կիզակէտի` արժեւորելու ոչ միայն անցեալը, այլեւ ներկայ համակարգը ի Հայաստան եւ ի սփիւռք` յանձնառու դարձնելով այսօրուան հրամայականներուն:
Իսկ մայիսեան անկախութեան նուիրուած կոթողը` բարձրացած Անթիլիասի մայր տաճարի աջին եւ ապրիլեան եղեռնագործութեան յուշակոթող մատուռը ձախին, երկու յուշարարներ են, որոնք կը պատգամեն գալիք սերունդներուն` նայիլ Ցեղասպանութեան յուշակոթողին եւ անցեալի յանցագործութիւնները վկայելով ներշնչուիլ մայիսեան յուշակոթողի պատգամով` հաւատալով մեր ժողովուրդին վերապրելու եւ յաղթելու կամքին, հաւատալով հրաշքի զօրութեան եւ առաջնորդուիլ անոր խորհուրդով` կերտելու մեզ սպասող ամբողջական միացեալ եւ մէկ Հայաստանը:
29 մարտ 2018
Արամ Ա. վեհափառը, փաստօրէն ներկայացուցի՞չը հայոց սփիւռքին…
«Հնչեց նաեւ առաջարկ թելադրանք մը՝ նշել Մայիս 28-ը որպէս անկախութեան օր, իսկ Սեպտ.21-ը վերանկախացման (կամ աւելի յարմար՝ ինքնորոշման) օր…» Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ գիտաժողովը չորդեգրեց առաջարկը եւ կոչով մը չդիմեց ՀՀի Ազգային ժողովին, որպէսզի վերանայման օրակարգի խնդիր դարձնէ ատիկա եւ վերականգնէ թուականները պատմական իրենց իսկութեան անուանումներով: Արդեօք աւելի գիտակա՞ն համարեց հաւասարեցումը՝ «առաջին հանրապետութիւն, երկրորդ հանրապետութիւն, երրորդ հանրապետութիւն»ը…