Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակահայ Գրութիւններ Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Պատերուն Վրայ

August 18, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bolis_81716

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ տոքթ. Թորոս Ալճանի ստորագրութեամբ հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ դպրեվանքի պատերուն վրայ անծանօթներ ցեղապաշտական եւ սպառնական բնոյթով նախադասութիւններ գրած են: Յիշեալ հաղորդագրութիւնը Թուրքիոյ Հանրապետութեան ուշադրութեան կը յանձնէ այս դժբախտ պատահարը:

Տոքթ. Ալճան կը հաղորդէ, թէ այս հարցով ներկայիս մօտէն կը հետաքրքրուին Պոլսոյ երեսփոխան Մարգար Եսայեանն ու Սկիւտարի ապահովութեան տնօրէն Կիւրհան Քայան:

«Այսպիսի արարքներ ու ասոնց նմանները բացայայտօրէն ատելութեան յանցագործութիւններ են, բայց դժբախտաբար, փոքրամասնական համայնքները պարբերաբար ենթակայ կը դառնան նմանօրինակ յարձակումներու: Այս օրերուն, երբ երկրին միութեան եւ միասնութեան համար Թուրքիոյ բոլոր միաւորները ձեռք-ձեռքի տուած են, կը յուսանք, որ այս գրգռութեան յանցագործները շուտով կը բռնուին ու դատարան կը յանձնուին: Խստիւ կը պախարակենք այս յանցագործութեան հեղինակները», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» կայքին, պատին վրայ գրուած է. «Ձեզի բերած ենք Քիւրշաթ թագաւորին ատելութիւնը» (Քիւրշաթ թուրք հերոսի մը անունն է): Աղբիւրը նկատել կու տայ, որ գրութեան հեղինակները կը ներկայանան իբրեւ Ապտուլլահ Չաթլըի հետեւորդներ, որովհետեւ անոնք իրենց գրութեան տակ դրած են վերջինիս անունը:

Չաթլը Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներուն համար յայտնի է իբրեւ եւրոպական տարբեր քաղաքներու մէջ հակահայ գործողութիւններ կազմակերպած անձնաւորութիւն մը:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Տագնապին Լուծման Գծով Միջազգային Եւ Շրջանային Հետաքրքրութիւն Կայ» Շեշտեց Սամեհ Շուքրի

Յաջորդը

Հայաստանին Պիտի Մատակարարուի Նոյն Զէնքը Ինչպէս` Ազրպէյճանին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.