Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանին Պիտի Մատակարարուի Նոյն Զէնքը Ինչպէս` Ազրպէյճանին

Օգոստոս 18, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

russianarms_81716

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ռուսական «Իզվեսթիա» թերթը 16 օգոստոսին հրապարակած է «Ռուսիան Հայաստանին պիտի մատակարարէ նոյն զէնքը, ինչպէս` Ազրպէյճանին» վերնագիրով յօդուած մը, որուն մէջ նշուած է, թէ երկու հարիւր միլիոն տոլար արժող վարկին դիմաց Հայաստանին զէնքի մատակարարումը արդէն սկսած է: Այս մասին կը գրէ Ազա Բաբայեան:

Սակայն պաշտօնական Մոսկուան եւ Երեւանը ժամկէտներու ու մատակարարուող զէնքի տեսակին մասին մանրամասնութիւն չյայտնեցին:

Հեղինակը կը գրէ, որ զէնքի մատակարարումէն բացի ռուսական կողմը պիտի զբաղի նաեւ այդ զէնքին սպասարկող հայ մասնագէտներու վերապատրաստութեամբ: Ընդ որում, «Իզվեսթիա»-ն զրուցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ, որ հաստատած է այս տեղեկութիւնը:

Մասնագէտներուն կարծիքով, խօսքը կը վերաբերի ծանր սպառազինութեան, որուն առկայութիւնը մեծապէս կը զօրացնէ հայկական բանակը: Ասոր զուգահեռ, «Իզվեսթիա» կը շեշտէ, որ, թէեւ մատակարարումը սկսած է, այսուամենայնիւ զէնքի տեսակներու վերջնական ցանկը տակաւին համաձայնեցուած չէ: Թէեւ պաշտօնական Երեւանը մերժած է մանրամասնութիւն տալ այն մասին, որ յատկապէս ի՛նչ զինատեսակներու մասին է խօսքը, սակայն ռուսական թերթը կը գրէ, որ Հայաստան մտադիր էր Ռուսիայէն գնել նախ եւ առաջ «Սմերչ» եւ «Սոլնցեպեօ» համակարգերը, «ԻԳԼԱ-ԷՍ» հրթիռային համակարգը, «Աւտոբազա ԷՄ» համակարգը, «Տիգր» զրահամեքենաներ:

«Իզվեսթիա»-ն կը մէջբերէ նաեւ 10 օգոստոսին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն տուած մամլոյ միացեալ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Փութինին այն յայտարարութիւնը, որ Հայաստան Ռուսիոյ դաշնակիցն է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան մէջ, եւ որ Ռուսիա ունի պարտաւորութիւններ, զորս միշտ կը կատարէ:

Զինուորական հարցերով փորձագէտ Անտրէյ Ֆրոլով թերթին ըսած է, որ Մոսկուան Հայաստանին պիտի տրամադրէ միեւնոյն զէնքը, որ աւելի կանուխ գնած էր Ազրպէյճան: Այդ զէնքը, ի հարկէ, պիտի զօրացնէ հայկական կողմը, բայց եւ այնպէս, ըստ փորձագէտին, Պաքու որոշ առաւելութիւն ունի:  «Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի պիւտճէական տարբերութիւնը շատ մեծ է: Այս պայմաններուն մէջ կարելի է միայն յստակ հասցէագրուած ներդրումներով իրավիճակը չհասցնել զգայուն կէտի», յայտնած է ան:

Ան յիշեցուցած է, որ 2011-2012-ին կնքուած համաձայնագիրներով Ռուսիան Ազրպէյճանին վաճառած է շուրջ չորս միլիառ տոլարի զէնք:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը 16 օգոստոսին փորձած է զէնքի մասին տեղեկութիւն ստանալ Երեւանի մէջ գումարուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքին մասնակցող Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկեյ Շոյկուէն, սակայն ան մերժած է կապ ունենալ հայ լրագրողներուն հետ:

 

Նախորդը

Հակահայ Գրութիւններ Պոլսոյ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Պատերուն Վրայ

Յաջորդը

Հայ Բանակայիններ Կը Մասնակցին «Փոխգործակցութիւն 2016» Ռազմափորձին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?