
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար զօրավար Լեւոն Մնացականեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է ապրիլեան գործողութիւններէն ետք ստեղծուած մարտավարական իրադրութիւնը գետնի վրայ:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու փոխադարձ համագործակցութեան ծրագիրի ծիրին մէջ 22 յունիսին աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ մեկնած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի ընկերակցութեամբ այցելած է շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտեր, զրուցած տեղւոյն հրամանատարութեան ու զինուորներուն հետ:
Այնուհետեւ բանակի ղեկավարման մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում` բանակի բարձրաստիճան հրամանատարական կազմին ներկայացուցիչներուն հետ: Զեկուցում ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօրավար-գնդապետ Լեւոն Մնացականեան: Իր զեկուցումին մէջ բանակի հրամանատարը մանրակրկիտ կերպով ներկայացուցած է ապրիլեան մարտական գործողութիւններէն ետք ստեղծուած մարտավարական իրադրութիւնը գետնի վրայ, սահմանագիծին մէջ կատարուած եւ կատարուող երկրաչափական ու ամրաշինական աշխատանքներուն ընթացքը եւ անդրադարձած է բանակաշինութեան մարզին մէջ իրականացուող այլ հոլովոյթներու:


