Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «ԵԽԽՎ-ի Զեկուցումը Դեղին Քարտ Էր Թուրքիոյ»

June 24, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

rousdamian_62316

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան «Փանորամա»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ վեհաժողովին կողմէ ընդունուած «Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու գործունէութեան» վերաբերեալ զեկուցումին (տեսնել` էջ 10) նախնական բնագիրն ու վերջնական արդիւնքը շատ տարբեր էին իրարմէ: «Զեկուցումը բաւական խստացուեցաւ, քանի որ, այն բոլոր բաները, որոնք այսօր օրական դրութեամբ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ մէջ, ուղղակի ոտնձգութիւն են եւրոպական արժեհամակարգին նկատմամբ», դիտել տուած է Ռուստամեան:

Անոր համաձայն, թուրք-ազրպէյճանական լոպիին առկայութիւնն իսկ չօգնեց կասեցնելու այն բոլոր ձեւակերպումները, գնահատականները, որոնք ձեռնտու չեն Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգին:

«Յստակ է, որ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած է Էրտողանի վարչակարգը, որ ամբողջութեամբ հակաժողովրդավարական է, ամբողջատիրական է: Այժմ, երբ Էրտողան անցաւ երեսփոխաններուն հետ հաշուեյարդար կատարելու, ատիկա դարձաւ վերջին կաթիլը, եւ հոս է, որ զգալի մասին համբերութիւնը հատաւ: Բովանդակային առումով զեկուցումը շատ խիստ է, սակայն չունի տրամաբանական աւարտ. առնուազն պէտք էր վերաբանալ Թուրքիոյ նկատմամբ դիտարկումը: Այն խնդիրները, որոնք կը նշուին զեկուցումին մէջ, նոյնիսկ դիտարկման  տակ գտնուող երկիրներուն մէջ չկան: Այստեղ թրքական լոպին յաջողեցաւ, որպէսզի վերջին քաղաքական գնահատականը չտրուի: Ընդունուեցաւ փոխհամաձայնական որոշում` դիտարկման վերականգնման անդրադառնալու 2017-ին: Թուրքիան հասկցաւ, որ յաջորդ տարի կրկին քննարկման առարկայ պիտի ըլլայ: Այնուամենայնիւ, ասիկա դեղին քարտ էր Թուրքիոյ», յայտարարած է Ռուստամեան:

Զեկուցումը նաեւ Թուրքիայէն կը պահանջէր չեղեալ նկատել քրէական օրէնսգիրքի 301 յօդուածը (թուրք ազգի արժանապատուութիւնը նուաստացնել), որով Թուրքիոյ մէջ կ՛արգիլուի Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը, ինչպէս նաեւ 299-րդ յօդուածը` նախագահին վիրաւորելուն վերաբերող:

Պատասխանելով «Փանորամա»-ի այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է, որ Թուրքիան կատարէ զեկուցումին պահանջները` Արմէն Ռուստամեան հաւանական չէ նկատած նման զարգացում եւ ըսած է, որ իրենք այս յօդուածներուն մասին կը խօսէին արդէն տասնեակ տարիներէ ի վեր, սակայն այժմ արդէն հասած է գագաթնակէտը, որ երեսփոխաններն իսկ կրնան դատապարտուիլ այս յօդուածներով:

«Թուրքիոյ համար ասիկա իրաւական գործիք է` պայքարելու այլախոհներուն դէմ, իրենց կարծիքով, իրենց պետութեան անսասանութեան համար: Ասիկա ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Կրնայ ըլլալ, որ որոշ փոփոխութիւններ կատարուին, բայց այս յօդուածները պիտի շարունակեն իրենց սեւ գործը», ըսած է Արմէն Ռուստամեան` աւելցնելով, որ յաջորդ տարի արդէն այս բոլորը հաշուի առնելով, արդէն իսկ հասունացած պիտի ըլլայ պահը, երբ Թուրքիան յետդիտարկման հոլովոյթէն վերադարձուի դիտարկման` չբացառելով նոյնիսկ լուրջ պատժամիջոցներու հաւանականութիւնը:

 

Նախորդը

Նախարար Օհանեան Այցելած Է Ռազմարդիւնաբերական Ձեռնարկութիւն Մը

Յաջորդը

Լեւոն Մնացականեան Նախագահ Սարգսեանին Ներկայացուցած Է Յետպատերազմական Վիճակը

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.