Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

Ապրիլ 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

AJ_42816

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցումով ընդունեց Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծը` 98 թեր, 9 դէմ եւ 5 ձեռնպահ քուէներով: Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարեց, որ որոշումը ընդունուած է, ինչ որ պատճառ դարձաւ ընդդիմադիր պատգամաւորներու դժգոհութեան, որոնք բողոքեցին այն մասին, թէ նիստին նախագահողները քուէարկութենէն առաջ իրենց թոյլ չեն տուած ելոյթ ունենալ վարման կարգին վերաբերեալ:

Ազգային ժողովի Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան, որ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծի քննարկման չէր մասնակցած, յայտարարեց, որ նախագիծը ընդունուած է կանոնակարգի խախտումով: Ան դիտել տուաւ, որ տեղեկութիւններ ունին այն մասին, որ կային խմբակցութիւններ, որոնք կը փափաքէին քուէարկութենէն առաջ 20 վայրկեան դադար առնել, սակայն վարման կարգին վերաբերեալ ելոյթի իրաւունք չտրուեցաւ ոեւէ մէկուն:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով յայտարարեց, որ օր ցերեկով տեսախցիկներուն դիմաց 98 պատգամաւոր թեր քուէարկած է Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին` հարց տալով, թէ ի՞նչ խախտումի մասին է խօսքը:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան կարդաց Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքի համապատասխան յօդուածը, ըստ որուն, պատգամաւորները վարման կարգին վերաբերեալ կրնան ելոյթ ունենալ քուէարկութենէն առաջ կամ ետք` դիտել տալով, որ վարման կարգին վերաբերեալ խօսելու իրաւունք տրուած է քուէարկութենէն ետք, ուստի պէտք չէ  ապատեղեկատուութիւն տարածել:

 

Նախորդը

Ընտրական Օրէնսգիրքի Փոփոխութիւնները Ճիշդ Ուղղութեամբ Կ՛ընթանան

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Բանակցութիւններու Վերսկսման Համար Հայաստան Կ՛Առաջադրէ 3 Պայման

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը Որեւէ Երրորդ Կողմի Առջեւ Պարտաւորութիւն Չէ Ստանձնած Եւ Պիտի Չստանձնէ` Փոխելու Սահմանադրութիւնը» Կ՛ըսէ Արարատ Միրզոյեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պաքուի Մէջ «Անհետ  Կորսուածներու Հարցով»  Համաժողովին  Մասնակցողները  Բռնագրաւեալ Արցախ  Այցելեցին
Հայկական

Պաքուի Մէջ «Անհետ Կորսուածներու Հարցով» Համաժողովին Մասնակցողները Բռնագրաւեալ Արցախ Այցելեցին

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?