Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Բանակցութիւններու Վերսկսման Համար Հայաստան Կ՛Առաջադրէ 3 Պայման

April 29, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Sharmazanov_42816

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստին կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման համար անհրաժեշտ է կեանքի կոչել երեք քայլեր: Նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է ՀՀԿ մամլոյ բանբեր, Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով` բացատրելով, որ այդ երեք կէտերն են` հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրումը, հասցէական յայտարարութիւնները եւ երաշխիքները, որ Ազրպէյճան նոր նախայարձակումի եւ ահաբեկչութեան պիտի չդիմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ:

«Այս պահուն տակաւին կանուխ է բանակցութիւններու վերսկսման մասին խօսելու: Երբ մարտական գործողութիւններ կ՛ընթանան, երբ անոնք ամբողջութեամբ չեն աւարտած, երբ Ազրպէյճան կը խախտէ թէ՛ 1994-ի զինադադարի պայմանները, զոր ան ստորագրած է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի հետ, թէ՛ Մոսկուայի մէջ կրակի դադրեցման բանաւոր պայմանաւորուածութիւնը, բանակցութիւններու վերսկսման մասին խօսիլը կանուխ է: Հայաստան կը շարունակէ մնալ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին անվտանգութեան երաշխաւորը: Խնդիրը պէտք է լուծուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին կիրարկման պայմաններուն մէջ, եւ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի որեւէ մէկը չի կրնար հասնիլ ամբողջական լուծման», ընդգծած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Անոր համաձայն, կուսակցութեան Գործադիր մարմինի նիստին Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է իր վերջին հանդիպումներուն, հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ իրավիճակը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ: Քննարկուած են նաեւ ներքին քաղաքական հարցեր, սակայն հիմնականին մէջ խօսակցութեան առարկան եղած են արտաքին քաղաքականութեան առնչուող հիմնահարցերը:

 

Նախորդը

Ազգային Ժողովը Առաջին Ընթերցումով Ընդունեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծը

Յաջորդը

Էրտողան. «Հայաստան Կրակի Հետ Կը Խաղայ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.