
Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի ՄԱԿ-ի հրապարակին վրայ այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ լուսանկարներու բացօթեայ ցուցահանդէս մը: Թրքահպատակ ընդդիմադիր լուսանկարիչ Տեմիր Սէօնմեզի ոսպնեակով առնուած հաւաքածոյ մըն է, նոյն այդ հրապարակին վրայ կատարուած զանազան ժողովուրդներու ցոյցերու ուշագրաւ նկարներէն:
«Անունս Պերքին Էլվին է, թուրք վարչապետին պատուէրով ոստիկանութիւնը սպաննեց զիս», այս խօսքով եւ 2013 թուականին Պոլսոյ ցոյցերու զոհին նկարը կրող ցուցարարներու պաստառի մը պատկերին ցուցադրութիւնը խափանելու նպատակով թրքական հիւպատոսարանին միջամտութիւնը ոչ միայն մնացած է ապարդիւն, այլեւ տեղւոյն մամուլը անդրադարձած է այս հարցին հետեւեալ խորագրով` «Ժընեւը չի զիջիր Թուրքիոյ հրամանին»: Մամուլը նաեւ նշած է, որ թրքական այս միջամտութիւնը առաջինը չէ. անցեալ տարի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողի մը տեղադրումին հարցով ճնշում բանեցնելով Ժընեւի քաղաքապետութեան մօտ թուրքերը յաջողած են ծրագիրը անտեսել տալ:


