
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի 7-րդ համաշխարհային համախմբումի բարեկամական խումբի ժողովին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերեալ Հայաստանը եւ Ռուսիան մեղադրող անհեթեթ յայտարարութիւններ կատարած է:
Ըստ «Կազեթեվաթան»-ի, փորձելով քննադատել Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` պատերազմի վերսկսման հաւանականութեան մասին յայտարարութիւնը` Չաւուշօղլու պնդած է, որ «Հայաստան քաղաքական լուծում չ՛ուզեր»:
«Ազրպէյճանի հողերը բռնագրաւելու հարցին մէջ պատասխանատուներէն դրական մօտեցում եւ խաղաղ լուծում ակնկալելը չափազանց լաւատեսական է», ըսած է ան` պնդելով, որ զինադադարը խախտողը Հայաստանն է:
Ան Թուրքիոյ «եղբայր» Ազրպէյճանը ներկայացուցած է իբրեւ «հանդուրժողականութեան լաւագոյն օրինակ»` նշելով. «Ազրպէյճանը եւ Պաքուն դարեր շարունակ տարբեր մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու կեդրոն եղած են: Այստեղ կողք-կողքի կրնանք տեսնել մզկիթներ, եկեղեցիներ եւ սինակոկներ»:
Չաւուշօղլու Ռուսիոյ վարչապետ Մետվետեւի` Ղարաբաղի վերաբերող յայտարարութիւնը «անլուրջ» որակելով նշած է. «Թուրքիոյ դիրքորոշումը յայտնի է: Զինադադարը ո՞վ խախտած է` Հայաստանը: Կրնա՞յ Թուրքիան հեռաձայնել Հայաստանին ու ըսել` յարձակեցէ՛ք Ազրպէյճանի վրայ: Պնդումներն ալ որոշ լրջութեան վրայ պէտք է ըլլան»:


