Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայերը Վիրաւորելուն Համար Տաւութօղլուի Դէմ Դատական Հայց

Մարտ 10, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Caglayan_030916

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւնը հայերուն վիրաւորելու հիմնաւորումով Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատ դատական հայց ներկայացուցած է` Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի եւ Աշքալէի քաղաքապետ Էնվեր Պաշարանի դէմ:

Տաւութօղլու 27 փետրուարին Բիւրակնի մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին քննադատած էր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը` մեղադրելով զայն «հայկական հրոսակախումբերուն նման ռուսերուն հետ համագործակցելու» մէջ: Աւելի ուշ, 3 մարտին վարչապետին խօսքերը Աշքալէի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովին ընթացքին կրկնած էր Պաշարանը` շնորհակալութիւն յայտնելով «փառապանծ նախնիներուն, որոնք այս հողերէն մաքրած, նետած են հայերը»:

Պոլսոյ Չաղլայան արդարադատութեան պալատին մօտ հաւաքուած իրաւապաշտպանները նախքան հայցը ներկայացնելը յայտարարութիւն կատարած են` ընդգծելով, որ ամիսներ շարունակ երկրին քրտաբնակ շրջաններուն մէջ թրքական բանակին կողմէ կատարուող գործողութիւնները կը զուգորդուին հայերուն դէմ ցեղապաշտական քայլերով: Օրինակ, վճարուած հարկերէն գոյացած գումարով գնուած զրահամեքենաները կը շրջին փողոցները եւ կը յայտարարեն. «Բոլորդ հայ էք, բոլորդ հայ վիժուածքներ էք»:

«Հայերուն դէմ ցեղասպանութիւն գործուած է, անոնց հարստութիւնը բռնագրաւուած է, հայերու եւ միւս քրիստոնեայ ժողովուրդներու մշակութային ժառանգութիւնը համակարգուած կերպով ոչնչացուած է: Կարծես այս ամէնը բաւական չէ, հանրապետութեան ամբողջ պատմութեան ընթացքին եւ նոյնիսկ այսօր մնացած բուռ մը հայերը ստորացնելու, անոնց կեանքը սպառնալիքի ենթարկելու նպատակով կը կատարուի կարելի ամէն բան: Այս ամէնը պատմութեան գիրկը անցած է եւ պիտի շարունակէ անցնիլ` իբրեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Գալիք սերունդներն ալ ձեզ ատով պիտի յիշեն: Խտրականութիւնը թրքական պետութեան նոյնիսկ բարձրագոյն մակարդակին վրայ կը շարունակէ կատարուիլ ու խրախուսուիլ: Սակայն կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք մինչեւ վերջ իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն ընդդէմ այս յանցագործութեան», նշած են իրաւապաշտպան կազմակերպութեան անդամները:

 

Նախորդը

Բուռն Վէճեր Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Ընթացքին

Յաջորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատական Պահանջի Ներկայ Հանգրուանը

RelatedPosts

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ`  «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ,  Հնարաւորութիւններ» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողովի Լսումներ` «Վերադարձ Արցախ. Խնդիրներ, Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ» Նիւթով

Դեկտեմբեր 12, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Դեկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?