Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Կը Նկատէ Անընդունելի

February 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Տանիէլ Պայեր
Տանիէլ Պայեր

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայեր ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն հետ` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ յայտարարութեան հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով:

Ան ցաւ յայտնած է, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին վրայ վերջին ամիսներուն աւելցած են բռնութեան դէպքերը: «Միացեալ Նահանգներ կը կիսեն այս խնդիրի հետ կապուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մտահոգութիւնը եւ կը դատապարտեն ականանետերու եւ ծանր զէնքերու օգտագործումը, որ պատճառ կը դառնայ քաղաքացիական անձերու մահուան: Մենք կ՛աջակցինք հակամարտող կողմերուն ուղղուած Մինսքի խմբակի համանախագահներու կոչերուն` ձեռնարկելու քայլեր բռնութեան նուազեցման եւ բնակչութեան պաշտպանութեան համար: Սթաթիւս քոն անընդունելի է: Մենք անգամ մը եւս կը դիմենք կողմերուն` ըսելով, որ խնդիրը զինուորական ճամբով չի կրնար լուծուիլ», ըսած է Պայեր:

Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` իրականացնելու կառուցուածքային բանակցութիւններ, որոնք նոր խթան պիտի հաղորդեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան եւ պիտի նպաստեն խնդիրի խաղաղ լուծման:

 

 

Նախորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանալին Նախագահներուն Ձեռքն Է» Կ՛ըսէ Ուորլիք

Յաջորդը

Գէորգի Կուտոյեան Նշանակուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Տնօրէն

RelatedPosts

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի  Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար  Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»
Հայկական

Ռուպիօ. «Մենք Անհամբեր Կը Սպասենք ԹՐԻՓՓ-ի Յառաջ Մղման Եւ Հայաստանի Ու Շրջանին Համար Նոր Կարելիութիւններու Բացման Աջակցելուն»

September 26, 2026
Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը
Գլխաւոր լուրեր

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.