Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Բանալին Նախագահներուն Ձեռքն Է» Կ՛ըսէ Ուորլիք

February 13, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Արմէնփրես»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահները յառաջիկային առաջարկներ պիտի ներկայացնեն ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ բախումներու վտանգի կրճատման ու երկխօսութեան խթանման կարելիութիւններուն վերաբերեալ:

Անդրադառնալով Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հակահայկական երկու բանաձեւերու քննարկումէն առաջ Մինսքի խմբակի հրապարակած յայտարարութեան` ան ըսաւ. «Մենք դէմ չենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի քննարկման` շրջանային եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ եւ կը պաշտպանենք իրենց ցանկութեամբ հարցեր յառաջ քշելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իրաւունքը: Յայտարարութեամբ համանախագահները կ՛ուզէին շեշտել, որ Մինսքի խմբակը կը շարունակէ մնալ բանակցային հոլովոյթի այն ձեւաչափը, որ ընդունած են կողմերը: Յոյսով ենք, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը հաւատարիմ պիտի մնան բանակցային լուծման շուրջ Մինսքի խմբակին հետ սերտօրէն աշխատելու իրենց յանձնառութեան»:

«Չէ՞ք կարծեր, որ Ազրպէյճանի արտայայտած այդ բացայայտ դժգոհութիւնը Մինսքի խմբակի ձեւաչափը փոխելուն ուղղուած հերթական քայլն էր» հարցումին Ուորլիք պատասխանած է. «Կողմերու խնդրանքով է, որ համանախագահները հանդէս կու գան իբրեւ միջնորդ: Մենք պիտի շարունակենք մեր միջնորդական ջանքերը տեւական լուծում գտնելու ճամբուն վրայ, այնքան ատեն որ կողմերը կը հաւատան, որ մեր ջանքերը օգտակար են: Իսկ լուծման համար նախագահներն են, որոնք պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերեն»:

«Լուծման բանալին նախագահներուն ձեռքն է: Մենք կ՛ուզենք նպաստել առաւել աշխուժ երկխօսութեան եւ առաւել համակարգուած բանակցութիւններու կայացման, որպէսզի խաղաղութեան ուղղութեամբ անոնք կարենան յառաջընթաց արձանագրել», նշած է Ուորլիք:

 

Նախորդը

Պետաիրաւական Յանձնախումբը Ընտրեց Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպան Թեկնածու

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Կը Նկատէ Անընդունելի

RelatedPosts

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու  Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական  Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»
Հայկական

Մորաթինոս. «ՄԱԿ-ը Պատրաստ Է Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաշտեցման Եւ Կրօնական Յուշարձաններու Պաշտպանութեան»

October 29, 2026
Պորտիուժա. «Հայաստանը  Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն
Գլխաւոր լուրեր

Պորտիուժա. «Հայաստանը Պէտք Է Հեռացնել ՀԱՊԿ»-էն

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.