Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը:
Վարչապետը հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ նախագահը տեղեակ պահեց Քաթար իր այցելութենէն եւ ելեկտրականութեան թղթածրարին մէջ արձանագրուած յառաջընթացէն:
«Ասիկա նաեւ առիթ մըն էր գնահատելու շրջանային կացութիւնը եւ Լիբանանը միջազգային ու շրջանային բեւեռացումներու դէմ ամրացնելու, ինչպէս նաեւ շեշտելու զայն որեւէ նոր արկածախնդրութեան մէջ չներքաշելու անհրաժեշտութիւնը, որովհետեւ ատոր իբրեւ հետեւանք Լիբանանը բաւարար գին վճարած է», նշեց Սալամ:


