Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշէլ Իսա նշեց. «Մէկ տարի առաջ ներկայացուցի Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հաւատարմագիրներս: Իբրեւ Պէյրութ ծնած ամերիկացի դիւանագէտ մօտէն ծանօթացայ լիբանանցի ժողովուրդի արտակարգ ուժին եւ տարիներու վրայ անոր կատարած զոհողութիւններու ծաւալին»:
«Այսօր, Լիբանանը կանգնած է գերիշխան, անվտանգ ու բարգաւաճ ապագայ մը կառուցելու իսկական առիթի մը առջեւ, եւ Միացեալ Նահանգները այս երթին մէջ անոր կողքին կը կանգնին` իբրեւ հաստատ բարեկամ եւ աջակից», նշեց Իսա:
«Տակաւին ապագային նկատմամբ լաւատես եմ, որովհետեւ տեսայ, թէ ի՛նչ կարելի է իրագործել, երբ Միացեալ Նահանգները առաջնորդեն, երբ լիբանանեան պետութեան հաստատութիւնները ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնը, եւ երբ լիբանանցիները մերժեն, որ իրենց անցեալը իրենց ապագան ճշդողը ըլլայ», ըսաւ դեսպանը:


