Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Օգոստոս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

8-01-15_Lebanese-army-in-arsal-

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այո՛, թէեւ ալեկոծ ներաշխարհով, խռովայոյզ ապրումներու եւ հոգեկան խոր ցաւերու յանձնուած  կ՛արձագանգենք` հարց տալով, թէ մինչեւ ե՛րբ պիտի շարունակենք պղծել միասնականութեան եւ տոկունութեան երաշխիք լիբանանեան բանակի ամբողջ համակարգը, միւս կողմէ ալ քաջ հաւատացողն ենք, թէ Լիբանան երկրի երդիքին տակ ապրող եւ ստեղծագործող  գիտակից իւրաքանչիւր անձ կը խոնարհի բանակին նահատակներուն անկրկնելի զոհողութիւններուն դիմաց:

Զոհողութիւն, որ շաղախուած է համբերատար ոգիի մեծութեամբ, մարտունակութեամբ, հողի պաշտամունքի, եռանդի, խանդավառութեան, իրերօգնութեան, հաստատակամութեան եւ նուիրումի գերազանց արժանիքներով:

Արդարեւ,

Յատկանշական տարեթիւ մը ըլլալու է 1 օգոստոս 2015-ը` այն առումով, որ անիկա կ՛ընդգրկէ լիբանանեան բանակի ստեղծման 70-ամեակի համապարփակ իմաստն ու խորհուրդը:

Ամեակ, որ յիշարժան ըլլալով հանդերձ, ա՛լ դադրած է հնչեղութենէ,  իմաստ ունենալու առընթեր` յանձնուած է տուայտանքի, խորհուրդ մը, որ կ՛ապրի խարխափումի ահաւոր վիճակներ:

Աւելի՛ն. պետականութիւն մը անգոյ, որ կը շնչէ արուեստական կերպով: ժողովուրդ-զանգուած մը, որ կը տնքայ գազանաբարոյ եւ խենեշ դրամատէրերու քմայքին ներքեւ:

Հաւաքականութիւններ խայտաբղէտ, որոնք պահուըտած են կեղծ ու շնորհազուրկ համայնքայնութեան արանքին, վաշխառութեամբ եւ սին երազներով կը պարուրեն նորահաս սերունդներ:

Ու այս տխուր պատկերին դէմ յանդիման, բոլորով մէկ կը փորձեն ամէնօրեայ հեւքին եւ դաժան պայմաններու անդոհանքին մէջ, յուսադրուիլ կառոյցով մը, որուն գոյութեան հիմքն ու ուղենիշը հայրենիքի պաշտպանութիւնն ու ամբողջ ժողովուրդի անվտանգութեան պահպանումն է, բացառապէս:

Արդ, պահ մը զանց առնելով Լիբանան կոչուած հայրենիքին մէջ առկայ հակասութիւնները, այլապէս հակառակութիւնները, իրարու նկատմամբ թշնամանքի հասնող երեւոյթներն ու ելոյթները բոլոր առումներով (քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, դաւանական, գաղափարական, համայնքային թէ եղբայրասպան), գոյութիւն ունի կառոյց ու միջավայր մը` պաշտպանական համակարգին մաս կազմող, որ տակաւին եւ առանց խափանումի կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը, հակառակ անոր երկփեղկումին, տարանջատումին, տկարացումին եւ փճացումին միտող բազմերանգ թաքուն եւ բացայայտ սադրանքներու առկայութեան:

Սադրանքներ, որոնց նպատակակէտն է եղած անցեալին ու ցարդ կը մնայ իբրեւ այդպիսին` տուեալ կառոյցին քայքայումն ու կործանումը, պարզապէս միանգամընդմիշտ վերացնելու հայրենիքի նշանակութիւնը, աշխարհահայեացքային իմաստն ու անոր ազգային ըմբռնումը մարդու թէ քաղաքացիի մտաշխարհէն:

Այլ հարց, թէ խօսքը կը վերաբերի ժողովուրդի մը` լիբանանցի,  որ ունի դարաւոր պատմութիւն եւ քաղաքակրթական  փորձառութիւն,  որով կը պարծենան սերունդներ, սակայն ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, կու գայ մեզի յուշելու, թէ նոյնինքն տուեալ ժողովուրդին կը պակսի հիմնական յատկութիւն մը էական, արժէքային համակարգի համազօր իմացութիւն, թէ հայրենիքներ կը պաշտպանուին, կը բարգաւաճին եւ կը գոյատեւեն  բացառապէս անձնազոհութեամբ, նուիրաբերումով եւ անշահախնդիր գործելակերպերու տիրական ներկայութեամբ:

Իսկ այդ իմացութեան կորիզը կը կազմէ սեփական բանակի հանդէպ աստուածահաճոյ սէր ու գուրգուրանք, թեւ ու թիկունք, ինչպէս նաեւ` պաշտամունքի համազօր քաղաքացիական հասկացողութիւն ցուցաբերելը:

Այսուամենայնիւ, ի՛նչն է որ մեզ կը մղէ խորապէս անդրադառնալու եւ լոյսին բերելու ապազգային ու վատառողջ երեւոյթ մը, որուն ականատես ենք բոլորս անխտիր, երբ օրն ի բուն, տարբեր մակդիրի թէ քաղաքական հոսանքի անձնաւորութիւններ, սադայէլական պէս-պէս ծրագիրներու եւ քաղաքական հաշուարկներու յագուրդ տալու դիտաւորութեամբ, իրենց բնազդական մոլուցքը կը թափեն ազգային բանակին գլխուն, սուտ եւ պատիր խօսքերով կ՛ուզեն աղաւաղել անոր դերն ու առաքելութիւնը, բայց մանաւանդ` գրեթէ ամէնօրեայ հեւքով կը շարունակեն քարկոծել հաստատութիւն մը համազգային, որուն փառքին, մարտունակութեան եւ գոյատեւման համար զինուոր թէ սպայական կազմեր իրենց թանկագին կեանքերը զոհած են հայրենիքի ու ազատութեան բագինին` յանուն սերունդներու արժանապատիւ կեանքի ապահովման:

Մտածա՞ծ ենք երբեւէ, թէ ինչո՛ւ կը հարուածուի ազգային բանակը, երկրի մը տարածքին, որ ունի փորձառութիւնը քաղաքացիական եւ եղբայրասպան տասնհինգամեայ պատերազմի, գաղութարար կեանքի մը ենթակայ ըլլալու պատմական իրողութեան, համայնքայնութեան տիղմին մէջ իր գոյութեան քարշ տուողի վիճակին, աւազակային մօտեցումի թէ մաֆիական գործելաոճերու յամեցումին, ժողովրդավար կարգերու թէ սահմանադրական կանոններու շահագործումին, եւ մասամբ նորին:

Պարզապէս որովհետեւ կը բացակայի հայրենապաշտութիւնն ու ատով ինքզինք գերազանցելու խոր հասկացողութիւնը:

Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր լիբանանցիի ներաշխարհին մէջ չէ սերմանուած հայրենիքի խոր իմաստն ու անոր ծառայելու վսեմ ու  առաքինի գիտակցական մակարդակը:

Միթէ մարգարէացած կ՛ըլլանք, եթէ երբեք հաստատենք իրողութիւն մը անպաճոյճ, թէ այնքան ատեն որ ժողովուրդի մը մտածական տարածքն ու հոգեկան աշխարհը պարուրուած չեն ազատ ու անկախ ապրելու սրբազան գիտակցութեամբ եւ սիրտեր չեն տրոփեր հայրենապաշտութեամբ, ապա զուր տեղ կը հնչեն ազգային կարգախօսներն ու գործի լծուելու հրաւէրները:

Փաստօրէն, ազգային բանակը այն բիւրեղ ու մեծահոգի միջավայրն է, ուր կը դաստիարակուին նորահաս տղաք եւ աղջիկներ, մեծեր ու փոքրեր, որովհետեւ ազգային պաշտպանական եզակի կռուանն ու կառոյցն է, որ օժտուած է համազգային հնչեղութեամբ եւ պետական մտածողութեամբ:

Յայտնապէս լիբանանեան բանակին ծաւալուն աշխատանքին ու գերակշիռ  ներկայութեան անդրադառնալով, կարելի՞ է մոռացութեան տալ անոր անպարագծելի զոհողութիւններուն տարողութիւնն ու ազգային պահուածքը:

Յատկապէս վերջին տարիներուն, եւ հակառակ բանակին ունեցած համեստ կարողականութեան, զինական կարելիութիւններուն, թիւին թէ արհեստավարժի ունակութիւններուն, գոյութիւն ունի՞ երկրի տարածքին աշխարհագրական դիրք մը, վայր մը, ուր ան ինքզինք չպարտադրէ:

Աւելի՛ն. լիբանանեան բանակի համեստ զինուորագրեալ տարրեր թէ սպայական կազմի յառաջատար տղաներ, միթէ քի՞չ անգամ զոհ կը դառնան ներքին քաղաքական կեանքի ցնցումներուն, տեղայնական ստորին խարդաւանքներու, պատեհապաշտ եւ տխեղծ անհատներու բարբաջանքներուն, եւ այս բոլորով հանդերձ, կը մնան ազգային բանակին վայել իրենց բարձունքին վրայ եւ շարունակեն լուռ ծառայել հայրենի հողին ու ժողովուրդին:

Բազմաճակատ մարտերու ընթացքին քի՞չ անգամ հաւատաւոր բանակայիններ թիրախ դարձան դաւաճանական արարքներու եւ վատոգի թակարդներու:

8-01-15_Lebanese-army

Բանակը իր տարբեր ստորաբաժանումներով կը շարունակէ հրաշքներ գործել, հեղ մը հարուածելով հաւատադրժողական խմբաւորումներ, այլ տեղեր ծունկի բերելով խառնածին ահաբեկիչներ եւ իսլամ մարդակեր ծայրայեղականներ, որոնք ահ ու սարսափի կը մատնեն հզօր  երկիրներու ժողովուրդներն անգամ:

Դժբախտաբար, շատ շատերու համար ազգային միասնականութեան եւ պաշտպանութեան կոչուած այս եզակի կառոյցը կը մնայ թիրախ` այնքան ատեն որ ան կը մնայ անվտանգութեան եւ ապահովութեան երաշխիք եւ չի ծառայեր կարգ մը մարդոց եւ խմբաւորումներուն քանդիչ եւ սնամէջ ծրագիրներուն:

Ճիշդ է, որ Լիբանան երկիրը իր պետական, քաղաքական թէ զինուորական մակարդակի բոլոր առումներով ունի սահմանափակ ու որոշակի կարողականութիւն եւ չունի հանգամանաւոր ազդուութիւն` շրջանային թէ միջազգային իրադարձութիւններու վրայ, այդուհանդերձ  լիբանանցի ժողովուրդին համար ազգային բանակին գոյութիւնն ու անոր հզօրացումը կը մնայ միակ ու անփոխարինելի կռուան, նուազագոյն չափով պաշտպանուելու ամէն չարիքէ եւ համայնակուլ ծրագիրներէ:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ ազգային բանակի թեւ ու թիկունք են Հըզպալլայի մարտիկները, որոնք այս հանգրուանին կը կատարեն սրբազան առաքելութիւն, ժողովուրդի ու հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան իմաստով, այդուամենայնիւ, եթէ երբեք լիբանանցի ժողովուրդն ու պետական մտածողութիւնը շարունակէ անտեսել ու ձեւով մը անարգել լիբանանեան կեանքի մեծագոյն կառոյցի շէնացումն ու բարգաւաճումը, սպառազինումն ու անոր մարդուժի ֆինանսաւորումը, ապա հեռու չէ այն օրը, որ Լիբանան երկրի կամարներուն տակ կրկին բուսնին կղզեակներ` խուլիկաններով եւ ոճրագործներու յագեցած, որոնց վերապահուած է այս երկրին քայքայումն ու կործանումը:

Նման վատոգի, դժոխային եւ հրէշ ծրագիրներու, ամէնօրեայ փորձերու եւ զանգուածային խառնակութիւններու  ականատես ենք, եւ որոնց զսպումին եւ չէզոքացումին մէջ մեծ է դերը ազգային բանակին:

Եթէ երբեք Լիբանան կը պարծենայ իր Փիւնիկի քաղաքակրթական նուաճումներով եւ բնութենական աստուածատուր գեղեցկութեամբ, ապա պարտաւոր է զարգացնել քաղաքական մտքի, ազգային մտածողութեան եւ գաղափարական հասունութեան այնպիսի  մակարդակ մը, որով պիտի կարենայ փրկուիլ քաղաքական քարտէսի վրայ անոր վերացումէն, եւ շարունակէ ապրիլ իբրեւ ինքնուրոյն գոյացութիւն եւ ազատ երկիր:

Նման երազանքի միակ ու անփոխարինելի ճանապարհը ազգային բանակի առաւել հզօրացումն ու պաշտպանութիւնն է, ըստ ամենայնի:

 

Նախորդը

Հալէպի Շուկան. Սիրիահայերը «Նոր Համ» Են Հաղորդել Երեւանեան Առեւտրին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները` Հայրենի Հողին Վրայ

RelatedPosts

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»
Անդրադարձ

«Նախ Ձեր Սիրտերը Նետեցէք…»

Մարտ 25, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Մեր Եկեղեցին Եւ Ազգային Սահմանադրութիւնը (Վաւերացման 160-Ամեակին Առիթով) Գ. Մաս

Մարտ 25, 2023
Մեծ Պահքի Կիրակիներ.  Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ
Անդրադարձ

Մեծ Պահքի Կիրակիներ. Գալստեան Կիրակի Եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն Ի Վիրապ

Մարտ 25, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In