Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան եւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ 9 յուլիսին Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան փոխադարձ համագործակցութիւնը: Այդ մասին ըսուած է Ռուսիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
«Զրոյցին ընթացքին կ՛ենթադրուի Եւրասիական տնտեսական միութեան առնչութեամբ երկկողմանի առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան եւ համարկումի փոխադարձ համագործակցութեան հրատապ հարցերու քննարկում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: