ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվից Տաչիչ շաբաթ, 7 փետրուարին հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի եւ Փիեռ Անթրիոյի հետ` քննարկելու ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը: ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք նոյնպէս մասնակցած են հանդիպումին:
Հանդիպումի աւարտին ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահը եւ Մինսքի խմբակի համանախագահները հանդէս եկած են միացեալ յայտարարութեամբ, որ կը ներկայացնենք թարգմանաբար:
«Մենք համակարծիք ենք, որ շփման գիծին եւ Հայաստան – Ազրպէյճան սահմանին վրայ զինուորական իրավիճակը կը շարունակէ վատթարանալ` սպառնալով շրջանի կայունութեան եւ սպառնալիքի տակ դնելով խաղաղ բնակիչները: Դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի յունուարեան դիտարկման զեկուցումներուն մէջ յիշատակուած 12 զոհերու եւ 18 վիրաւորներու թիւը 1994-ին զինադադարի կնքումէն ի վեր տարուան առաջին ամսուան ընթացքին արձանագրուած բարձրագոյն ցուցանիշն է: 2014-էն ետք, երբ զոհուած էր շուրջ 60 մարդ, մենք անհանգստացած ենք այս մտահոգիչ միտման շարունակութեամբ»:
«Տագնապը զինուորական լուծում չունի, եւ կողմերը պէտք է դադրեցնեն ուժի կիրարկումը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն վերջ դնելու ներթափանցման փորձերուն, դադրեցնելու գիւղերու եւ խաղաղ բնակիչներու թիրախաւորումը, հակահարուածներ հասցնելու եւ անհամաչափ հարուածներ հասցնելու սպառնալիքները, յաւելեալ քայլերու ձեռնարկել լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ զինադադարը ամրապնդելու ուղղութեամբ: Մենք անընդունելի կը նկատենք այն փաստը, որ ԵԱՀԿ-ի դիտարկման ընթացքին անվտանգութեան երաշխիքները ամբողջովին չեն պահպանուած:
Մենք կը վերահաստատենք 4 դեկտեմբեր 2014-ին Պազելի նախարարական խորհուրդին մէջ համանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու միացեալ յայտարարութիւնը, որ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէր կարգաւորելու մարդկային հարցերը, անոնց կարգին` վերադարձնելու մարմինները եւ կալանաւորուածները` հոկտեմբեր 2010-ի Աստրախանի յայտարարութեան ոգիին համապատասխան:
Մինսքի խմբակի համանախագահները, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի լիակատար աջակցութեամբ, պատրաստ են հրաւիրելու բանակցային եռանդուն գործընթացի, որը կրնայ խաղաղ հանգուցալուծում բերել տագնապի մը, որ չափազանց երկար ժամանակ սարսափի մէջ պահած է շրջանը: Մենք կոչ կ՛ուղղենք կողմերուն քաղաքական կամք դրսեւորելու եւ անյապաղ, առանց արդարացումներ փնտռելու, սկսելու այս գործընթացը»:
Նալբանդեան Միւնիխի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ
Համանախագահներուն Հետ
Հինգշաբթի օր աշխատանքային այցելութեամբ Միւնիխ գտնուող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Ճէյմս Ուորլիքի, Փիեռ Անթրիոյի եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ:
Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով` հանդիպումին ընթացքին շարունակուած են քննարկումները ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի խաղաղ լուծման գործընթացին վերաբերեալ:
Արտաքին գործոց նախարարը միջնորդներուն ուշադրութեան յանձնած է Հայաստանի հետ սահմանին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտումները եւ ներթափանցման փորձերու բազմապատկումը` շեշտելով, որ վերջին շաբաթներուն ընթացքին ազրպէյճանական զինուժը զինադադարը խախտած է աւելի քան 3 հազար անգամ, որուն պատճառով արձանագրուած են մարդկային, ներառեալ` քաղաքացիական զոհեր:
«Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կոպիտ կերպով կ՛արհամարհէ միջազգային հանրութեան հասցէական կոչերը եւ իր արկածախնդիր քաղաքականութեամբ եւ սադրիչ գործողութիւններով աւելի կը սրէ իրավիճակը, կ՛արգելակէ խաղաղ լուծման գործընթացը», ընդգծած է Նալբանդեան:
Ան վերահաստատած է, որ Հայաստանը պիտի շարունակէ եռանախագահող երկիրներուն հետ միացեալ ջանքերը` ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման: