Թուրքիոյ մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահեթթին Տեմիրթաշ Պոլսոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախաձեռնութիւնը` ապրիլ 24-ը «Կալիփոլիի յաղթանակի օր» հռչակելու առնչութեամբ:
«1915-ի 100-ամեակին ի պատասխան կառավարութեան այսպիսի նախաձեռնութիւնը ամօթալի է», ըսած է ան:
Տեմիրթաշ նշած է, որ թրքական կառավարութենէն կ՛ակնկալուի առերեսում եւ ցաւակցութիւն ապրիլ 24-ին, սակայն կառավարութիւնը հակառակը կ՛ընէ: