
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Էրտողան Թոփրաք այցելած է Պոլսոյ հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Ս. Ծննդեան առիթով շնորհաւորած հայ համայնքը:
Ըստ օրաթերթին, թուրք գործիչը եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած հայ համայնքը շնորհաւորած է հայերէնով:
«Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ», ըսած է Թոփրաք, ապա մաղթած, որ Նոր տարին աշխարհի բոլոր ազգերուն խաղաղութիւն, եղբայրութիւն, հանգստութիւն եւ երջանկութիւն բերէ:


