
Դիւանագիտական աղբիւր մը ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) եւ Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), յաջորդ շաբաթ Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէջ հանդիպում պիտի ունենան ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Պուրքհալթերի հետ:
Ըստ տեղեկութեանց, հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հարցը:
Դիւանագիտական աղբիւրը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը տեղի ունենայ այս ամսուան վերջաւորութեան:


