Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիացի Թուրքմէններ Սուրիական Նոր Ինքնութեան Մը Հետապնդման Ծիրին Մէջ Կը Միանան Ընդդիմադիր Ուժերուն

July 16, 2013
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ճէյմզդաուն.օրկ» կայքէջին վրայ լոյս տեսած իր «Սուրիացի թուրքմէններ սուրիական նոր ինքնութեան մը հետապնդման ծիրին մէջ կը միանան ընդդիմադիր ուժերուն» խորագիրով յօդուածին մէջ Նիքոլաս Ա. Հերաս կը յայտնէ, որ Սուրիոյ թուրքմէն համայնքը հետզհետէ աւելի մասնակից կը դառնայ երկրին ընդդիմադիր շարժումին:

Թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարներ, որոնցմէ շատեր Թուրքիա աքսորուած են, կը պնդեն, որ Թուրքիան իրենց համայնքին համար մշակութային «հայրենիք» մըն է, թուրքմէնները յանձնառու են բազմակրօն, հողային ամբողջականութեան տէր Սուրիոյ մը, որ օժտուած է վարչաձեւով մը, որուն մէջ երկրին բոլոր ազգային եւ յարանուանական խմբաւորումները ներկայացուած են եւ արաբական Պաաս կուսակցութեան կողմէ իշխուած չէ («Անատոլու» լրատու գործակալութիւն, 4 յուլիս 2012, «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ», 22 մարտ 2012, «Թուտէյզ Զաման», 8 դեկտեմբեր 2011):

Թուրքմէն ղեկավարներ նաեւ կը հաստատեն, որ Հաֆեզ Ասատի կառավարութեան օրերուն իրենց համայնքը Թուրքիոյ համար հաւանական «5-րդ զօրասիւն» մը կը նկատուէր, եւ Պաշշար Ասատ եւս, սուրիական ըմբոստութեան ծագումէն եւ թրքական կառավարութեան կողմէ սուրիական ընդդիմութեան ցուցաբերուած աջակցութենէն ետք, այդ նոյն կեցուածքը որդեգրած է: Սուրիացի թուրքմէն ընդդիմադիր ղեկավարները ջանք կը թափեն, որպէսզի իրենց համայնքը երկրին մէկ բաղկացուցիչ մասը նկատուի եւ իրենց մշակութային եւ լեզուական իրաւունքները յետասատեան սահմանադրութեան մը մէջ երաշխաւորուին («Թուտէյզ Զաման», 17 դեկտեմբեր 2012):

Սուրիոյ թուրքմէն համայնքին պահանջները տարբեր չեն Սուրիոյ քիւրտ համայնքին պահանջներէն, սակայն երկու համայնքները արդի Սուրիոյ մէջ լարուած յարաբերութիւններ ունին` թուրքմէններուն Թուրքիոյ հետ կապերուն եւ կարգ մը սուրիացի քիւրտերու քրտական ինքնավար շրջան մը ստեղծելու փափաքին պատճառով: Սուրիացի թուրքմէն ղեկավարները կը յայտնեն, որ սուրիական հողերու վրայ ինքնավար «Արեւմտեան Քիւրտիստան» մը ստեղծելու քրտական որեւէ փորձ կը սպառնայ հազարաւոր թուրքմէններ գաղթական դարձնել («Թուտէյզ Զաման», 23 յուլիս 2012):

Սուրիացի թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներ մասնաւորաբար կը գործեն Լաթաքիոյ Ժապալ Թուրքմէն շրջանին, Հալէպի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, ինչպէս` Հանանօ շրջանին մէջ: Կը հաղորդուի, որ Սուրիոյ տարածքին 10,000 թուրքմէն զինեալներ մաս կը կազմեն ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու եւ անոնց ամէնէն մեծ թիւը կը գտնուի Հալէպի եւ անոր անմիջական արուարձաններուն մէջ: Հալէպի մէջ կարգ մը թուրքմէն զինեալ խմբաւորումներ Օսմանեան կայսրութիւնը յիշեցնող անուններ կը կրեն, ներառեալ` «Սուլթան Մուրատ» եւ «Ապտիւլ Համիտ Ա.» ջոկատներ («Թուտէյզ Զաման, 1 ապրիլ):

Սուրիոյ թուրքմէն համայնքները սուրիական ընդդիմութեան մէջ աշխուժ դերակատարներ են եւ իրենց այդ մասնակցութեան պատճառով կրնան յետասատեան սուրիական որեւէ պետութեան մէջ շահաւոր կողմ ըլլալ: Թրքական կառավարութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական աջակցութիւնը սուրիացի թուրքմէն ընդդիմադիր խմբաւորումներուն կ՛ապահովէ հովանաւոր մը, մինչ կը պատրաստուին յետասատեան հաւանական փոխանցման հանգրուանի մը մասնակցելու: Թուրքմէն ղեկավարները կը թուին ապագայ սուրիական կառավարութեան մէջ քաղաքացիութեան վրայ հիմնուած ներկայացուցչութեան մը ձգտիլ եւ մինչեւ հիմա կը թուին զգուշաւոր կերպով ձգտիլ սուրիական տարատեսակ քաղաքական վիճակի մը մէջ իրենց համայնքին իբրեւ «սուրիացիներ» կարգավիճակը օրինականացնելու:

Ներառուելու այս ձգտումը, որ քաղաքական կամ աշխարհագրական յստակ հիմք չունեցող համայնքի մը համար քաղաքական գետնի վրայ կարեւոր է, կրնայ թուրքմէններու եւ Սուրիոյ այլ համայնքներու, մասնաւորաբար ալեւիներու եւ քիւրտերու հետ համայնքային սուր տագնապի մը պարագային քննութեան ենթարկուիլ: Յետասատեան Սուրիոյ մէջ համատարած տագնապի մը հաւանականութեան պարագային, յարաբերաբար փոքրաթիւ եւ աշխարհագրականօրէն տարտղնուած թուրքմէն զինեալ ընդդիմադիր խմբակները կրնան սահմանափակ կարողութիւն ունենալ իրենց ինչքերն ու համայնքի անդամներուն կեանքերը պաշտպանելու եւ չեն կրնար իրենց շահերուն պաշտպանութեան համար թրքական զինուորական միջամտութեան մը անպայման վստահիլ: Ուստի բազմակարծական, յետասատեան սուրիական պետութիւն մը, որ կրնայ իր բոլոր համայնքներուն ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորել եւ թուրքմէնները «սուրիացի» կը նկատէ, ներկայ սուրիացի թուրքմէն ընդդիմութեան համար կարեւոր նպատակ մըն է:

Նախորդը

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Գիրքին Հետ. Մեսրոպ Մաշտոց Եւ Հայկական Տառերու Ակունքները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Միակ Օր Մը

RelatedPosts

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Ինչպէ՞ս 1982 Թուականի Թայլենոլի Սպանութիւնները Փոխեցին Դեղերու Օգտագործման Ձեւը

December 19, 2023
Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Zipline International. Տրոններով Արեան Առաքման Ծառայութիւն

December 15, 2023
Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր
Միջազգային

Գետ-Գիտութեան. Քարիւղը (Մաս Գ.) Քարիւղը Հանածոյ Վառելանիւթ Է Եւ Ուժանիւթի Ոչ Վերականգնուող Աղբիւր

November 28, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.