Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի Գիրքին Հետ. Մեսրոպ Մաշտոց Եւ Հայկական Տառերու Ակունքները

July 16, 2013
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Միշտ հաւատացեր եմ, ու ասկէ ետք ալ պիտի շարունակեմ պնդել, թէ Մեսրոպ Մաշտոց մեր բովանդակ պատմութեան ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԴԷՄՔՆ Է:

Բարեբախտաբար առանձին չեմ իմ այս տեսակէտին մէջ: Կողմնակիցներ շա՜տ ունիմ:

Նոյնիսկ կ՛անդրադառնամ, որ Մաշտոցի եւ իր գործին արժէքը տակաւ կ՛աճի եւ կ՛ուռճանայ, քանի կը թաւալին տասնամեակները, դարերը: Ըսել կ՛ուզեմ, թէ ժամանակի անհուն հոսքին հետ` ազգովին աւելի ու աւելի կը գիտակցինք Ե. դարու խորհուրդին, կը կառչինք անոր, նուիրականութեան կը վերածենք զայն:

Չեմ գիտեր: Ժ. դարուն, Բագրատունեաց հարստութեան օրով, կամ աւելի ուշ` Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին, Մեսրոպ կը վայելէ՞ր այն համազգային ու համատարած մեծարանքն ու փառքը, զոր կը վայելէ հիմա…

Յիրաւի, անցնող 16 դարերը ոչի՛նչ պակսեցուցեր են անոր արժէքէն ու հմայքէն: Օշականի Մեծ Սուրբը կը շարունակէ իր օրհնեալ Աջը պահել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին վրայ` առանց ազդուելու դարերու փոշիէն եւ վերիվայրումներէն: Իր գերեզմանը ամէն օր այցելու կ՛ընդունի ու  հոն տեղադրուած համեստ տապանաքարէն անտեսանելի շող մը կ՛արձակուի  դէպի աշխարհի  մօտ ու հեռաւոր այն բոլոր անկիւնները, ուր հայ մարդիկ կամ ընտանիքներ կ՛ապրին:

* * *

Բոլորս ալ գիտենք, որ Մաշտոցի եւ իր գործակիցներուն յիշատակը ամէն տարի կ՛ոգեկոչուի Թարգմանչաց տօնին օրը, հոկտեմբերի կիսուն:

Արդարեւ, շատ տեղին որոշումով մը Հայ եկեղեցին Ե. դարու իր թարգմանիչ վարդապետներուն գլխաւոր խորհրդանշական դէմքերը (Մեսրոպ, Եղիշէ Պատմիչ, Մովսէս Քերթող, Դաւիթ Անյաղթ) նախ սրբացուցեր է, այնուհետեւ ալ անոնց յիշատակին առանձին տօն մը հաստատեր է: Դեռ աւելի՛ն, այդ տօնին ամպհովանիին տակ յարմար տեսնուեր է յիշատակել նաեւ աւելի ուշ դարերու մեր գրական պանծալի դէմքերէն երկուքը` Ս. Գրիգոր Նարեկացին եւ Ս. Ներսէս Շնորհալին: Ու անկասկած, լռելեայն, այս անուններուն ընդմէջէն` հայ մշակոյթի բոլո՛ր միւս երախտաւորները:

Անցեալ դարու 40-ական թուականներէն սկսեալ Թարգմանչաց տօնը տակաւ առ տակաւ սկսաւ դուրս գալ իր զուտ եկեղեցական պարունակէն ու հետզհետէ վերածուեցաւ հայ մշակոյթի պանծացման աշխարհիկ տօնահանդէսի մը: Մասնաւորաբար սփիւռքի մէջ մեր մշակութային միութիւններն ու դպրոցները կարծէք Թարգմանչացին կը սպասէին, կը սպասե՛ն,  գրական ձեռնարկներ սարքելու, հանդէսներ կազմակերպելու կամ երախտաւորներ մեծարելու համար: Այլ խօսքով` պանծացնելու եւ ապրեցնելու համար այն բոլոր արժէքները, որոնք սնունդ կը ստանան Մեծ Գիւտէն կամ կը դառնան անոր լայնածի՜ր առանցքին շուրջ:

Եւ այսպէս, հիմա արդէն Թարգմանչացը մեր ամէնէն նուիրական տօներէն մէկն է` Վարդանանքին, ապրիլ 24-ին, մայիս 28-ին նման:

* * *

Հաւանաբար քիչեր գիտեն միայն, որ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ կայ երկրորդ տօն մըն ալ, որ առանձնապէս նուիրուած է Մեսրոպին: Աւելի ճիշդ` Մեսրոպին եւ Սահակ Պարթեւին միասնաբար:

Օրացոյցը կը նշէ.

«Տօն սրբոց թարգմանչաց վարդապետացն մերոյ Սահակայ եւ Մեսրոպայ»:

Նկատեցիք, որ ի տարբերութիւն հոկտեմբերեան Թարգմանչաց տօնին` այստեղ առաջնային տեղ տրուած է մեծանուն Սահակ կաթողիկոսին, որ թեւանցուկ կը քալէ իր գաղափարակից հոգեւոր եղբօր` Մեսրոպին հետ միասին…

Այս երկրորդ տօնը կը հանդիպի ամրան եղանակին: Անոր տեղը անխախտ է Հոգեգալուստին հետեւող Դ. կիրակիին յաջորդող հինգշաբթի օրուան մէջ, որ սովորաբար կ՛իյնայ յունիսի երկրորդ կիսուն:

Ընդունի՛նք, որ Սահակն ու Մեսրոպը ոգեկոչող այս տօնը հրահանգիչ ներկայութիւն մը չունի մեր ազգային առօրեայ ապրումներուն մէջ: Դժբախտաբար աննկատ անցնող-սահող տօն մըն է անիկա, որ կարծէք նսեմացեր է Թարգմանչացի ծանր շուքին տակ ու գացեր, կծկուեր է անկիւն մը, տօնացոյցին մէկ խորշը:

Ձեւ մը չկա՞յ զայն դուրս բերելու իր կրաւորականութենէն եւ վերածելու ազգային գօտեպնդիչ տօնի մը: Օրինակ` «Գիրք նուիրելու օր»-ուան կամ «Հայերէնաւանդ ուսուցիչի օր»-ուան, կամ «Մայրենիի անաղարտ պահպանման օր»-ուան:

Ընթացիկ 2013 տարուան մէջ` «Սահակայ եւ Մեսրոպայ տօն»-ը կը զուգադիպէր  յունիս 20-ին:

Ես զարմանքով եւ գոհունակութեամբ տեսայ, որ սփիւռքեան մեր թերթերէն ոմանք, նաեւ` համացանցային կրօնաշունչ քանի մը կայքէջեր, իրենց ընթերցողները կը հրաւիրէին յիշելու այս տօնը:

Զորօրինակ, Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ին հրատարակած մէկ ծանուցումը կը նշէր, որ տեղւոյն Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագ պիտի մատուցուէր այս առիթով: Իր կարգին, Պոլսոյ «Մարմարա»-ն կը հաղորդէր, որ Սահակ-Մեսրոպի տօնը պիտի յիշատակուէր Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցելի եպիսկոպոսական պատարագով: Իսկ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը կը յայտնէր, որ նոյն առիթով եւ նոյն օրը Թեհրանի հայոց թեմին կողմէ երկօրեայ ուխտագնացութիւն մը կազմակերպուած էր դէպի Արաք քաղաքը (Թեհրանէն հարաւ-արեւմուտք), նշելու համար տեղւոյն Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը:

* * *

Եկեղեցին թողունք իր եկեղեցական արարողութիւններուն հետ գլուխ-գլխի ու  դառնանք դէպի մեր տան… գրադարանը:

«Սահակայ եւ Մեսրոպայ տօն»-ին օրը, առաւօտուն, պահ մը ուզեցի պրպտել, թէ բնակարանիս գրադարանին մէջ Մեսրոպի գիւտին նուիրուած քանի՞ հատոր ունէի, կամ քանի՞ հատորներու մէջ լայն հատուածներ կային Ե. դարու բախտորոշ իրադարձութիւններուն մասին:

Գրախօսուող գրքին կողքը:

Օ՜, որքան շատ էին անոնք: Գրադարանիս մէջ իրապէս շա՛տ էին գիրքերը, որոնք առաւել կամ նուազ համեմատութեամբ խօսք կը բանային Մեսրոպ Մաշտոցի մասին ու տարբեր-տարբեր մերձեցումներով կը վերարտադրէին մեզի ծանօթ դրուագներ: Այդ գիրքերէն ոմանք ունէին գեղարուեստական էջեր, կը պանծացնէին գիւտը` բանաստեղծութիւններով, գրական արձակով:

Այս բոլորին մէջ կար սակայն գիրք մը, որ երկար ատենէ ի վեր աչք կը քթթէր  ինծի, կարծես «զիս մի՛ մոռնար» կ՛աղաղակէր…

Կարմիր կողքով լաթակազմ գեղատիպ գիրք մըն էր ատիկա, որ հրատարակուած էր թուականէս ութ տարիներ առաջ, 2005-ին,  Անթիլիասի մէջ: Ցայսօր առիթ չէի գտեր զայն կարդալու:

Խորագիրը` «Մեսրոպեան տառերու ակունքները»: Հեղինակ` տոքթ. Արմենակ Եղիայեան (հասցէն` [email protected]): 268 էջանի փառաւոր հատոր մը, լոյսին բերուած` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան մեկենասութեամբ:

Աւելի լաւ առիթ մը կրնայի՞ ձերբակալել` իրագործելու համար այս գիրքին յապաղած ընթերցումը: Այսօր, «Սահակայ եւ Մեսրոպայ տօն»-ն էր, ամառնային արձակուրդը սկսեր էր, եւ ուստի ճշդագոյն թիրախը ընտրած պիտի ըլլայի ձեռք առնելով այս գիրքը:

Սահակն ու Մեսրոպը ոգեկոչելու անհատական ձեւ մըն էր ասիկա:

 * * *

Ընթերցողներս համբերութեամբ պիտի առաջնորդեմ դէպի մեսրոպեան տառերու ակունքները` անակնկալներ խոստանալով անոնց:

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

Բայց նախ երկու խօսք` տոքթ. Ա. Եղիայեանի մասին:

«Ազդակ»-ի երկարամեայ ընթերցողները քաջածանօթ են այս անունին: Լեզուաբան, քերականագէտ ու հայագէտ, տոքթ. Եղիայեան մէկն է լիբանանահայ գաղութի հետզհետէ նօսրացող այն մտաւորականներէն, որոնք ծայրայեղ բծախնդրութեամբ կը շարունակեն մաքառիլ ի խնդիր հայոց լեզուի անաղարտութեան: Ան ծնած է 1939-ին: Յաճախած է Պուրճ Համուտի Ազգ. Աբգարեան վարժարանը, ապա երկրորդական ուսումը շարունակած`  Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ: Համալսարանաւարտ դարձեր է Ֆրանսական գրականութեան գծով: Աւելի ուշ ալ վկայուեր է իբրեւ վիրաբուժ-ատամնաբուժ:

Լման տասնամեակ մը զբաղած է ուսուցչութեամբ ու իր սեփական փորձառութենէն մեկնելով` հեղինակած է հայերէնի ընթերցանութեան եւ քերականութեան «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը (տասը հատոր): Մամուլի մէջ երեւցող իր յօդուածները միշտ ալ կը կարդացուին հաճոյքով, կը ներշնչեն վստահութիւն, որքան ալ ոմանք «խիստ» ու «կճող» բնութագրեն իր լեզուաբանական հայեացքներն ու գրելաոճը:

Նորութիւններ Կա՞ն Մաշտոցեան Գիրերու Մասին 

Այսպիսի հարցում մը տարօրինակ պիտի չթուի երբեք, եթէ մէկը ձեռք առնէ «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» խորագրեալ նորատիպ գիրք մը:

Հայոց այբուբենի գիւտին վրայէն սահեր-անցեր են 16 դարեր ու շատեր կը կարծեն, որ այդ պատմական անկիւնադարձային ու բախտորոշ դէպքին բոլոր ծալքերն ու մանրամասնութիւնները պատմուած, բացատրուած ու մեկնաբանուած են լիովին: Արդարեւ, եթէ ամբողջ գրադարան մը լեցնող վիթխարի գրականութիւն կայ այդ մասին, հետեւաբար ենթադրելի է, որ նիւթը սպառած ըլլար…

Բայց ասիկա` միայն տեսականօրէն:

Ու երեւոյթը զարմանք կը պատճառէ իրապէս, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ այս հարցով զբաղած են մեր ամէնէն պատկառելի եւ հմուտ բանասէրները` Հրաչեայ Աճառեան, հ. Ներսէս վրդ. Ակինեան, հ. Գարեգին վրդ. Զարբհանալեան, Աշոտ Գ. Աբրահամեան, Էդ. Աղայեան, Մանուկ Աբեղեան, փրոֆ. Լեւոն Խաչերեան ու տակաւին` տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան, Գուրգէն Սեւակ, Իսահակ Յարութիւնեան, Լէօ, Յակոբ Մարթայեան, նոյնիսկ` եւրոպացի հայագէտներ ու մինչեւ մեզի անմիջական ժամանակակից հ. Պօղոս վրդ. Անանեան եւ Անդրանիկ վրդ. Կռանեան:

Իրականութիւնն այն է ուրեմն, որ տակաւին բազմաթիւ մութ կէտեր կը յամենան Մեսրոպի գիւտին մասին, ու վերոյիշեալ բանասէրներուն կամ հետազօտիչ հայագէտներուն լուսաբանութիւնները այս առնչութեամբ` ո՛չ միայն չեն յաջողած յանգիլ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆԱՌԱՐԿԵԼԻ եզրակացութիւններու, այլեւ, ընդհակառակն, հակասութիւններու ամբողջ շարան մը փռած են մեր առջեւ…

Բանասէրները իրարու դէմ հանող տարակարծութեան գլխաւոր կէտը հետեւեալն է.

Հայոց այբուբենի 36 տառերը, իբրեւ ձեւ (պատկեր), բոլորովին ինքնուրո՞յն ստեղծագործութիւններ են, թէ՞ Մեսրոպ անոնց համար իբրեւ բնորդ (մոտել) ունեցած է ուրիշ լեզուներու այբուբեններ:

Ահա՛ կարեւոր հարցում մը, որուն համար շատ մելան հոսեցուցեր են մեր սիրելի  հայագէտները: Զորօրինակ, փրոֆ. Լ. Խաչերեանի համոզումով, Մեսրոպ իր տառերը յօրինելու համար ոչ միայն չէ հետեւած բացարձակապէս որեւէ այբուբենի, այլեւ իր ուղեղէն վանած է իրեն ծանօթ բոլոր գրահամակարգերու բոլոր տառերուն բոլո՛ր պատկերները, ու միայն անկէ ետք է, որ իրագործեր է իր գիւտը կատարեալ ինքնուրոյնութեամբ: Այս տեսակէտը պաշտպաներ է նաեւ հ. Միքայէլ Չամչեանը:

Մինչդեռ Աճառեան, Ակինեան եւ համախոհներու մեծ խումբ մը կը պնդեն, որ Մեսրոպ իրեն բնորդ ունեցած է յունա-ասորա-պարսկական այբուբենները: Կան նաեւ այլ կարծիքներ, որոնք մասնակի յղումներ կը կատարեն ուրիշ այբուբեններու: Բայց արդեօք ո՞րն է իրականութիւնը:

Տոքթ. Եղիայեան ա՛յս հարցին է որ կը բերէ շատ անսովոր պատասխան մը: Բայց նախքան իր եզրակացութիւնը, ան  երկարօրէն ու համապարփակ ձեւով կը քննարկէ հարցին բոլոր ծալքերը, գիտական ու տրամաբանական ձեռնհասութեամբ կը վերլուծէ կամ կը ջրէ զինք նախորդող բանասէրներուն անհամոզիչ տեսակէտները, կը զատէ որոմը ցորենէն, սեղան կը բերէ ի՛ր սեփական պրպտումներուն արդիւնքը եւ ի վերջոյ մեզ դէմ յանդիման կը դնէ մեսրոպեան տառերու ակունքներուն հետ…

Քիչ Մը Պատմութիւն Եւ Գրաբանական Սկզբունքներ

Ըստ տոքթ. Եղիայեանի, Մեսրոպի օրով Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներուն մէջ կը գործածուէին հետեւեալ այբուբենները. յունական, լատինական, ղպտական, պարսկական, ասորական եւ հին եբրայական:

Հայոց տառերուն ակունքները փնտռելու առաքելութեան կոչուած հայ թէ օտար բանասէրները վերեւ յիշատակուած վեց գրահամակարգերու ծիրին մէ՛ջ է որ կատարեր են իրենց պրպտումները շարունակ, ինչ որ ըստ տոքթ. Եղիայեանի, «միակողմանի արեւելում» մըն է ու կը նկատուի այդ բանասէրներուն մեթոտաբանական մեծ թերութիւնը: Հեղինակը կ՛ափսոսայ, որ հայ բանասիրութիւնը իր կարկինը աւելի լայն չէ բացած, հետեւաբար ալ` չէ կրցած մատչիլ մեսրոպեան տառերու իսկական ակունքներուն:

Տոքթ. Եղիայեան ընթերցողը ներքաշելէ առաջ իր բուն նիւթին մէջ, նախ բաւական ընդարձակ ծանօթութիւններ կու տայ աշխարհի հնագոյն այբուբեններուն մասին: Գրապատկերներու ուղեկցութեամբ, ան կը խօսի փիւնիկեան, հին եբրայական, արամէական, յունական, ղպտական, պարսկական (իր ենթաբաժանումներով` արշակունեան, սասանեան, պահլաւական եւ աւեստական), ասորական եւ նաբատական (արդի արաբերէնին նախատիպը) գիրերու մասին, որոնցմէ ոմանք ունեցած են աշխարհագրական լայն տարածում, մինչ ուրիշներ օգտագործուեր են լոկ պաշտօնական գրագրութեան համար:

Միաժամանակ ան կ՛ըսէ, որ այս լեզուներէն ոմանք ազդած են հայերէնին վրայ: Օրինակ, ըստ Աճառեանի, պարսկերէնը մեր լեզուին տուած է 1400 բառարմատ, ինչ որ ըսել կու տայ տոքթ. Եղիայեանին, թէ «այս պատկառելի թիւը կարելի է  բազմապատկել երեքով կամ չորսով, եթէ ոչ աւելի, եթէ ի մտի ունենանք անոնցմով կազմուած ածանցեալ ու բարդեալ բառերը եւս, որոնք կ՛ընդգրկեն մեր կեանքի բոլոր ոլորտները անխտիր, եւ կը կազմեն հայերէնի բառային հիմնական ֆոնտի մէկ կարեւոր մասը» (էջ 29): Մինչդեռ ասորերէնէն դէպի հայերէն թափանցեր են հազիւ 200 բառեր, իսկ եբրայերէնէն` հատուկենտ բառեր միայն:

Զանազան այբուբեններու մասին խօսելու առթիւ, տոքթ. Եղիայեան կարեւորութեամբ նկատել կու տայ, որ ատոնցմէ ո՛չ մէկուն ծննդաբանութիւնը յայտնի է, բացի հայերէնէն (իսկապէս ալ, գէթ արաբական երկիրներու մէջ ապրողներս ցարդ չենք հանդիպած արաբ լեզուագէտի մը, որ մեզի պատմէ, թէ ե՞րբ կամ որո՞ւ կողմէ ստեղծուած են արաբերէնի տառերը, որոնցմով ալ գրուած է Քուրանը):

Հայերէնի այբուբենը, ուրեմն, բախտաւոր բացառութիւն մը կը կազմէ այս տեսակէտով: Բոլոր հետազօտողները կ՛ընդունին, թէ Մեսրոպ Մաշտոցն է, որ հնարեց հայոց տառերը, բայց ճիշդ ի՞նչ ըրաւ ան, կամ ինչպէ՞ս ըրաւ` ա՛յդ է, որ մութ է, որովհետեւ պատմութեան սկզբնաղբիւրները մանրամասնութիւններ չեն տար մեզի:

Ծանօթ է, որ երեք սկզբնաղբիւրներ կան այս նիւթին շուրջ. Կորիւն, Մովսէս Խորենացի եւ Ղազար Փարպեցի:

Ի՞նչ կ՛ըսեն ասոնք:

Տոքթ. Եղիայեան առանձին գլուխի մը տակ կարճ հատուածներ զետեղած է անոնց պատումէն, ինչ կը վերաբերի ուղղակի գիրերու գիւտին: Կորիւն եւ Խորենացի (Ե. դար) կը պատմեն, որ Միջագետքի Դանիէլ Ասորի եպիսկոպոսին կողմէ Հայաստան ղրկուած գիրերը Մաշտոցի կողմէ պահ մը ուսուցուեցան դպրոցներու մէջ, սակայն յետոյ խափանուեցան, որովհետեւ ատոնք չէին գոհացներ հայոց լեզուի հնչիւնական պահանջները: Հետեւաբար Մեսրոպ անձամբ ուղեւորուեցաւ Միջագետք ու Եդեսիա, պրպտումներ կատարեց այնտեղ ու ի վերջոյ ձեռնամուխ եղաւ այբուբենի գիւտին:

Կորիւն, որ թէեւ Մեսրոպի աշակերտն էր, բայց բացակայ էր գիրերու յօրինումի աշխատանքէն, լակոնական ոճով կ՛ըսէ, որ իր ուսուցիչը «իր սուրբ աջով հայրաբար ծնունդ տուաւ նոր եւ սքանչելի նշանագրերու»:

Խորենացին ունի տարբեր հայեացք մը: Ան բուն գիւտը կը դիտէ տեսիլքի մը ընդմէջէն, երբ Տիրոջ Աջը վէմի մը վրայ կ՛արձանագրէր մեր տառերը (այս պարագային, հարց պէտք է տալ անշուշտ, թէ ո՞ւր մնաց Մաշտոցի գիւտարարի հանգամանքը…):

Իսկ Փարպեցի, որ Մեսրոպի մահէն ետք ծնած է, կ՛ըսէ, որ Մեսրոպ նոր գիրեր չհնարեց, այլ գոհացաւ Հայաստան ղրկուած դանիէլեան գիրերով ու անոնցմո՛վ կերտեց հայ տառերը, աշխուժ օժանդակութեամբը Սահակ կաթողիկոսին եւ խումբ մը զարգացեալ հոգեւորականներու…

 * * *

Հայ տառերու ծագումով զբաղած բանասէրներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կ՛ընդունի, որ կատարուած է փոխառութիւն մը: Այսինքն գոյութիւն ունեցած այլ այբուբեններէ` մասնակի եւ դիմափոխեալ ընդօրինակութիւն մը, առաւել կամ նուազ ձեւափոխումներով: Ուրեմն, կը մնայ որոշել, թէ որո՞նք են այդ փոխատու այբուբենները, եւ որո՞նք են փոխառեալ տառերը:

50-է աւելի հայ եւ օտար հայագէտներ փորձեր են պատասխաններ գտնել վերի հարցումին: Շատ շատեր (Աճառեան, Ակինեան, Աբրահամեան, հ. Գաբրիէլ Մենեւիշեան, գերմանացիներ` Լեպսիուս եւ Գարդհաուզէն եւ այլք) պնդեր են, որ մեր այբուբենին 20-30 տառերը փոխառութիւն են յունական տառերէն:

Տոքթ. Եղիայեան բնաւ համոզիչ չի գտներ, սակայն, այդ բռնազբօսիկ եւ տարտամ «փաստարկում»-ները, որովհետեւ պատկերային նմանութիւններ չի տեսներ մերինին ու յունականին միջեւ (ի բաց առեալ` յունական Փ «Ֆի» տառէն, որ ամբողջութեամբ կը նմանի մեր Փ-ին): Այբուբեններու բաղդատական ցանկեր ալ զետեղելով իր գրքին մէջ (էջ 62-80)` ան կը հրաւիրէ ընթերցողը անձամբ համեմատելու զանոնք մեր այբուբենին հետ ու տեսնելու պատկերային աղաղակող անհամապատասխանութիւնները: «Մեր տառերուն պատկերային ոճը բոլորովին տարբեր յղացք ունի  թէ՛ յունականէն, թէ՛ պարսկականէն, թէ՛ ասորականէն», կը ճշդէ ան: Կ՛ընդունի միայն, որ Մեսրոպ ներշնչուած կրնայ ըլլալ յունարէնի գրաբանական յատկութիւններէն (այբուբենի կարգը, ձայնաւորները, գիրերուն աջընթաց ուղղութիւնը եւ այլն):

Հատորին հեղինակը կը բացատրէ նաեւ, թէ այբուբենէ մը դէպի ուրիշ այբուբեն տառային փոխառութիւնները  (այլ խօսքով` տառայօրինումները) կը կատարուին երեք սկզբունքներով.

Ա)- Փոխառեալ տառը կ՛առնուի` պահելով փոխատու այբուբենին մէջ իր ունեցած թէ՛ պատկերը, թէ՛ հնչիւնը: Ասիկա կը կոչուի նոյնականութեան օրէնք:

Բ)- Գոյութիւն ունեցող տառ մը կը ձեւափոխուի կամ կը զեղծուի ու գիտակցուած փոփոխութեան կ՛ենթարկուի կերտելու համար նո՛ր տառ մը: Այս ալ կը կոչուի այլանմանութեան կամ տարբերացման օրէնք, որ իր բնոյթովն իսկ` բանասէրներուն առջեւ դուռ կը բանայ կամայական ու քմահաճ մեկնաբանութիւններու:

Գ)- Փոխառեալ տառը կ՛առնուի իր պատկերային հարազատութեամբ ու ա՛յլ այբուբենի մը մէջ անոր կը յատկացուի տարբեր հնչիւն մը: Այս մէկն ալ կը կոչուի պայմանականութեան օրէնք: Այստեղ տառին ընդունուած պատկերին ու անոր հնչիւնին միջեւ խզում մը կը յառաջանայ: Մեսրոպ Մաշտոց կիրարկած է այս օրէնքը իր հնարած երեք կովկասեան այբուբեններուն մէջ: Օրինակ, հայերէն «Ի» տառը վրացին կ՛արտասանէ «Չ», իսկ աղուանական այբուբենին մէջ ատիկա «Դ» է:

Այս բոլոր տեղեկութիւնները շարայարելէ ետք, տոքթ. Եղիայեան հարց կու տայ, թէ ո՞ւր պէտք է փնտռել ու գտնել այն գրահամակարգը, որ կրնար անցնիլ Մեսրոպի ձեռքը ու տառայօրինումի երեք օրէնքներով ծնունդ տար հայոց գիրերուն:

Պատասխանը անսպասելի է ու ցնցիչ. Եթովպիա եւ դասական եթովպերէնը` Գեեզ (Gee՛z):

Ո՞ւրկէ Կու Գայ Այս Վարկածը

Գեեզի տառերէն մաս մը

1962-ին, Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600 ամեակի դարադարձային յոբելեանի օրերուն, առաջին անգամ ըլլալով, հայրենի լեզուաբան եւ բանասէր փրոֆ. Գուրգէն Սեւակ (1904-1981) հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ աննկատ մնացած երեւոյթի մը վրայ: Ան կ՛ըսէ, որ Մաշտոցի հնարած երեք այբուբենները ցեղակցութիւն կամ նմանութիւն չունին ասորա-պարսկա-յունական այբուբեններուն հետ: Անոնք շատ աւելի հանգիտութիւններ ունին հարաւային-սեմական այբուբեններուն հետ, որոնց վերապրող միակ ներկայացուցիչն ալ եթովպական լեզուին` ամհարերէնի գիրերն են:

Լեզուաբանին նշումը  հարկաւոր ուշադրութեան չ՛արժանանար, նախ որովհետեւ հրապարակին վրայ միահեծան կ՛իշխէր առաւելաբար յունական փոխառութեան վարկածը, որուն ախոյեանն ալ Աճառեանն էր: Յետոյ, կը թուի, թէ Գուրգէն Սեւակ ի՛նք ալ շատ չի խորանար իր այս տրամաբանական վարկածին մէջ, չի հասնիր ընդգրկուն եզրակացութիւններու, մանաւանդ որ իր ակնարկութիւնը կ՛առնչուէր սոսկ ամհարերէնին, որ Եթովպիոյ մէջ կիրարկելի այբուբեն էր ԺԳ. դարէն ետք միայն: Հարկ էր երթալ պատմութեան աւելի՛ խորերը, խորասուզուիլ մինչեւ Մեսրոպի օրերը` գտնելու համար ամհարերէնի ետին կանգնած այն հեռաւոր այբուբենը, որ Գեեզն էր…

Ա՛յս է, որ կ՛ընէ ահա, Գուրգէն Սեւակէն քանի մը տասնամեակ ետք, տոքթ. Ա. Եղիայեան` իր այս արժէքաւոր գիրքով:

Տոքթ. Եղիայեան սեղանի վրայ կը դնէ Գեեզը, որ հին դասական եթովպերէնի այբուբենն է, եւ որ գործածուեր է Ք.Ե. 350 թուականէն սկսեալ մինչեւ ԺԳ. դարու վերջերը, այնուհետեւ իր տեղը զիջելով արդի տարբերակի մը` ամհարերէնին: Այսինքն Մեսրոպի  օրերուն Գեեզը գործօ՛ն գրահամակարգ մըն էր կէս դարէ ի վեր:

Պէտք է նկատել տալ, որ Գեեզը արտասովոր այբուբեն մըն է: Կը բաղկանայ հիմնական 26 բաղաձայն տառերէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր կարգին օժտուած է ձայնաւորանիշ 6 հետեւակ տառերով: Այլ խօսքով, Գեեզը տէրն է (26×7) 182 տառերու, ինչ որ զայն դարձուցեր է, բնականաբար, դժուարընկալելի ու խճողուած գրահամակարգի մը: Բայց, ինչպէս նկատել տուեր է արդի լեզուաբան մը, «Գեեզը օժտուած է անզուգական գեղեցկութեամբ մը»: Գեեզով մշակուած է եթովպական դասական ամբողջ մատենագրութիւնը, Ե. դարուն թարգմանուած է Աստուածաշունչը անո՛վ: «Ըստ մեր խոր համոզումին,- կը գրէ տոքթ. Եղիայեան,- այս գրահամակարգն էր, որ անցաւ Մեսրոպի ձեռքը Եդեսիոյ մատենադարանին մէջ, ուր ան գացած էր իր վերջին պրպտումները ընելու դանիէլեան գիրերու խափանումէն ետք:… Գեեզը Մեսրոպին կու տար այն բոլոր առաւելութիւնները, որոնց հետամուտ էր ան. մասնաւորաբար` տառերու շատ լայն ընտրութիւն մը, ինչպէս նաեւ, ու մանաւանդ, տառայօրինումի անսահման միջոցներ: Միւս կողմէ` ան որեւէ ձեւով պիտի չխրտչեցնէր ո՛չ յոյները, ո՛չ պարսիկները, քանի կը պատկանէր հեռու-հեռաւոր երկրի մը, որուն սահմանները անծանօթ էին հին աշխարհին ու անծանօթ էին իր շրջապատին եւս: Եւ, վերջապէս, Մեսրոպ սիրեց Գեեզը, որովհետեւ գեղեցիկ էր ան, ու ճաշակաւոր մարդ էր ինք: Ան Գեեզէն վերցուց մեր այբուբենին կարեւորագոյն մասը, մէկ քանի տառեր հնարեց Գեեզի իսկ տուեալներով, իսկ մնացեալին համար դիմեց ուրիշ աղբիւրի» (էջ 109-110):

Գիրքին մէջ աւելի քան 100 էջերու երկայնքին մանրամասն քննարկումի ու վերլուծումի ենթարկուած է Գեեզը, ցոյց տրուած է անոր տառաձեւերուն ակնբախ ցեղակցութիւնը հայոց այբուբենին հետ: Ըստ այդմ, Մեսրոպ Գեեզէն առած է 16 տառեր` կիրարկելով նոյնականութեան եւ տարբերացման օրէնքները, 19 տառեր ալ` «պայմանականութեամբ եւ բնորդներու հանդէպ առաւելագոյն հաւատարմութեամբ», տեղ-տեղ` թեթեւ միջամտութիւններով: Հեղինակը կը հաւաստիացնէ, թէ` «գոյութիւն չունի մեզի ծանօթ որեւէ այլ այբուբեն, որ իր մէջ այսքան անաղարտ ցոլացնէ ու համատեղէ մեսրոպեան տառերու այսքան մեծաթիւ օրինակներ` նոյնականութեամբ ընտրուած թէ պայմանականութեամբ» (էջ 182): Միայն «Յ» տառին բնորդն է, որ Գեեզին մէջ չկայ: Բայց այդ ալ իր հարազատ բնորդը ունի եղեր դասական եգիպտերէնին մէջ:

Ի դէպ, տոքթ. Եղիայեան այսքան ամրօրէն Գեեզին փարելով հանդերձ, բոլորովին չ՛անտեսեր դասական եգիպտերէնն ալ ու հաւանական կը գտնէ, որ անոր կարգ մը տառերը (Ձ,Ճ,Ջ,Զ եւ Ը) եւս իբրեւ բնորդ ծառայած ըլլան Մեսրոպին:

Նշենք նաեւ, որ գրաբանական այս համբերատար ու սպառիչ աշխատանքը կատարելու ընթացքին հեղինակը  զուգահեռաբար կը ներկայացնէ Աճառեանի, Ակինեանի եւ միւսներուն առնչակից տեսութիւնները` առիթ ունենալով մերթ ջրելու զանոնք, մերթ ալ բացատրելու անոնց խախուտ մերձեցումները, նաեւ` հակասութիւնները, որոնք քննադատութեան չեն դիմանար: Այս ամբողջը շարադրելու ընթացքին ալ ան այնպիսի գիտական ու համոզկեր ոճ մը ունի, որ ընթերցողը անվարան գլուխ կը հակէ ու կը հպատակի իրեն…

 * * *

Եթէ Գեեզը հանդիսացեր է հայոց այբուբենին ակունքը, ապա հարց պէտք է տալ անշուշտ, թէ ինչո՞ւ հայ բանասիրութեան համար ցարդ անծանօթ մնացեր էր այս յոյժ կարեւոր պարագան:

Տոքթ. Եղիայեանի համոզումով, այստեղ, նախ, դեր խաղացեր է ի վաղուց անտի հայ բանասէրներու մօտ արմատացած այն թիւր կարծիքն ու կանխակալ մտածողութիւնը, թէ Մեսրոպ միայն շրջակայ (յունա-ասորա-պարսկական) այբուբեններէն կրնար փոխառութիւն ընել: Օրինակ, տոքթ. Նազարէթ Տաղաւարեան իր «Ծագումն հայ տառից» հատորին մէջ (Վիէննա, 1895) թէեւ արագ ակնարկութիւն մը կ՛ընէ եթովպական տառերուն, սակայն շուտով զանոնք կը վանէ սա՛ խօսքերով. «Մի քանի հայ տառից հապէշականին պատահական նմանութիւնն չէ՛ կարող որեւէ խնամութեան կասկած ներշնչել. եւ ի՞նչ առնչութիւն այդ հեռաբնակ ազգի հետ»:

Կամ, թիֆլիսահայ մանկավարժ Իսահակ Յարութիւնեան (1863-1928) իր «Հայոց գիրը» ծաւալուն աշխատութեան մէջ «չի վարանիր տակնուվրայ ընելու հին աշխարհի արդէն վաղուց անհետացած գրահամակարգերը, սակայն բառ մը իսկ չ՛ըսեր Գեեզի մասին, որ Մեսրոպին ժամանակակից էր»…

Աւելի փայլուն չէ պարագան Աճառեանին, Ակինեանին եւ միւս բանասէրներուն, որոնք ուշադրութեան առարկայ չեն դարձուցած Գեեզը, նոյնիսկ անտեսած են զայն` կաշկանդուելով աշխարհագրական սեղմումներով: Այստեղ հեղինակը իրաւացիօրէն նկատել կու տայ, որ եթէ Մեսրոպ Հայաստանի անմիջական շրջապատին մէ՛ջ միայն պիտի փնտռէր հայոց տառերուն ակունքները, այդ պարագային մինչեւ Եդեսիա երթալու ու տեղւոյն մատենադարաններուն մէջ պրպտումներ կատարելու պէտք չունէր: Իր մեծ ծրագիրը կրնար իրագործել Վաղարշապատի իր խուցին կամ Գողթն գաւառի ճգնարանին մէջ…

Գիրքին վերջին գլուխով տոքթ. Եղիայեան առանձին քննարկումի նիւթ կը դարձնէ դանիէլեան գիրերը: Ի՞նչ ծագում ունէին անոնք, քանի՞ հատ էին, հայոց այբուբենի տառայօրինումին մէջ Մեսրոպ օգտագործե՞ց այդ գիրերը, թէ՞ անոնցմէ անկախ կատարեց իր գիւտը:

Այս հարցումներուն է, որ պատասխան կը փնտռէ հեղինակը, էջ 217-263:

Իր համոզումն այն է, որ դանիէլեան գիրերը հարաւ-արաբական գիրեր էին (ասոնք անյիշելի ժամանակներէ սկսեալ ծառայած էին Սաբայի թագաւորութեան, որ կը գտնուէր արդի Եմէնի տարածքին: Գաղթական սաբացիք այս գիրերը Ե. դարուն Ք.Ա. փոխադրած են Եթովպիա, ուր ատոնք գործածուեր են մինչեւ 320 թ., ապա փոխարինուեր են Գեեզով):

Կորիւնի բնորոշումով` «յայլոց դպրութեանց թաղեալք», իսկ Խորենացիի բնորոշումով` «մուրացածոյ» գիրերը ասո՛նք էին ահաւասիկ, զորս Դանիէլ Ասորի եպիսկոպոսը  գտաւ Եդեսիոյ մատենադարանին մէկ խորշին մէջ ու Հայաստան ղրկեց զանոնք` իբրեւ հին հայկական գիրեր: Եւ ուրեմն, ըստ հեղինակին, դէպի Միջագետք «Մեսրոպ գիր հնարելու համար չճամբորդեց, այլ դանիէլեան գիրերու ինքնութիւնն ու կիրարկելիութիւնը յստակացնելու համար ճամբորդեց» (էջ 246):

Կայ նաեւ ուրիշ ուշագրաւ պարագայ մը:

Մեսրոպ այս բոլորը որոշ խորհրդապահութեամբ ըրած է, եւ իր շրջապատը մինչեւ վերջն ալ անտեղեակ մնացած է տառայօրինումի ծալքերէն, քանի բոլոր սկզբնաղբիւրներն ալ լուռ կը մնան այդ մասին, չեն տար որեւէ մանրամասնութիւն:

Տոքթ. Եղիայեանի այս գիրքը բոլորովին նոր հունի մէջ կը դնէ հայոց այբուբենի գիւտին պատմութիւնը, որքան ալ տակաւին մութ ու չլուսաբանուած կարգ մը կէտեր ըլլան այնտեղ, ինչպէս` փոքրագիր տառերու պարագան, որոնց մասին ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղած է հոս: Հայաստանի եւ սփիւռքի ակադեմական բոլոր շրջանակները  հրաւիրուած են լրջօրէն հակելու այս հմտալից ուսումնասիրութեան վրայ:

Հայոց այբուբենը երկինքէն չիջաւ, ո՛չ ալ ինքնաբոյս ձեւով խմորուեցաւ Մեսրոպի մտքին մէջ կամ ձեռքին տակ: Անիկա անպայմա՛ն ունէր իր նախատիպերը, իր բնորդները, իր «մայր»-ը:

Հիմա կը պարզուի, որ այդ բնորդը Գեեզն էր:

Բայց զգո՜ւշ: Մեսրոպի կատարածը երբեք ու երբեք «ընդօրինակութիւն» մը չէր, ոչ ալ` կոյր եւ մեքենական փոխառութիւն մը: Անիկա գիտական ու գեղարուեստական ճաշակաւոր յօրինում մըն էր: Տոքթ. Եղիայեանի բառերով` «անսովոր սխրանք» մը:

Հալէպ

[email protected]

 

 

 

 

Նախորդը

Ներկայէն Անցեալ

Յաջորդը

Սուրիացի Թուրքմէններ Սուրիական Նոր Ինքնութեան Մը Հետապնդման Ծիրին Մէջ Կը Միանան Ընդդիմադիր Ուժերուն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.