Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կը Մտածէ Միւս Թուրքը. Միակ Օր Մը

July 16, 2013
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀՄԷԹ ԱԼԹԱՆ

Ալթան

Մեր պատմութեան մէջ, եթէ նկատի չունենանք Բ. Սահմանադրութեան (1908, Գ. Կ.) հեղինակներուն կարճ ժամանակով հրապարակէն հեռանալը, չենք ունեցած միակ օր մը, որ ժողովրդավարութեամբ կառավարուինք:

Նոյնիսկ մէկ օր չենք ապրած մարդկային իրաւունքներով, մտքի ազատութեամբ, հաւասարութեամբ եւ  միջազգային արդարութեան արժեչափերով:

Եթէ երբեք աշխարհի վրայ տարբեր երկիրներ, տարբեր հաւաքականութիւններ չըլլային, եւ թէ` աշխարհ կազմուած ըլլար միայն մեր երկրով, մենք երբեւիցէ տեղեակ պիտի չըլլայինք մարդկային այս արժէքներէն:

Մեր մօտ «պետութիւնը» կը մարմնաւորուի անոր գլուխը գտնուող միակ անձով մը եւ կամ միակ խմբակով մը, եւ այդ պետութիւնն է, որ կ՛որոշէ իր «ստրուկներուն» նիստն ու կացը:

«Պետութիւնն» է, որ կ՛որոշէ «ստրուկին» իրաւասութիւնները, «ա՛յսքան է իրաւունքդ, աւելին չես կրնար պահանջել» կ՛ըսէ. եթէ պահանջես, այդ պարագային պետութիւնը կա՛մ կը սպաննէ քեզ, կա՛մ կը բանտարկէ եւ կա՛մ անօթի կը պահէ:

Օսմանեան շրջանէն փոխանցուած «պետութիւն եւ ստրուկ» հասկացողութիւնը հանրապետութեան շրջանին եւս փոփոխութեան չէ ենթարկուած:

Այսօր ալ կացութիւնը նոյնն է:

Պետութեան համաձայն, «լաչակաւոր կինը» խօսքի իրաւունք չունի երկրի կառավարման մէջ, հաւասարէ հաւասար չէ մնացեալ քաղաքացիներուն հետ:

Քիւրտերուն արգիլուած է իրենց մայրենի լեզուով դաստիարակուիլ:

Ալեւիներուն «պաշտամունքի տուներուն» գոյութիւնը կ՛անտեսուի:

Ոչ մահմետականներուն կ՛արգիլուի պետական հաստատութիւններու մէջ պաշտօնավարել:

Ո՛չ ոք կը համարձակի ազատօրէն արտայայտել իր կարծիքը:

Ա՛յս է մեր անցեալը, ներկան եւ աւանդութիւնը:

Դարերով ճնշումի տակ ապրած այս հաւաքականութիւնը դժբախտաբար չկրցաւ այս արժէքները ստեղծել իր ծոցէն:

Այս արժէքներուն ստեղծման մէջ մեր անկարողութիւնը հարցադրող շատ ուսումնասիրութիւններ կատարուեցան. մարդկութեան մէկ մասը երբ նոր չափանիշներ կը զարգացնէր մարդը «արժեւորելու», ինչո՞ւ մեզի նման հաւաքականութիւններ «պետութիւնը սրբացնելով` անհատը արժեզրկեցին»:

Պնդողներ եղան, որ Եւրոպայի մէջ աւատապետական իշխանները թագաւորներուն հետ մրցակցելով, տակաւին 1200-ական թուականներուն, բացարձակ իշխանութիւնը կոտրելով` ժողովրդավարութեան ճամբան հարթած էին:

Ուրիշներ պնդեցին, որ ճարտարարուեստական յեղափոխութիւնը բարձրացուց անհատին արժէքը:

Վերածնունդի եւ բարեփոխութեան կարեւորութիւնը շեշտողներ եղան:

Հաւանաբար շատ մը ազդակներ քով-քովի գալով` այսպիսի մեծ տարողութեամբ ընկերային տարբերութիւն մը յառաջացուցին:

Մենք չկրցանք հասնիլ ժողովրդավարութեան, ո՛չ ալ կրցանք ստեղծել զայն. անդին, սակայն, Եւրոպան, որ անցաւ բազմապիսի բարբարոսութիւններէ, մարդկային սպանդներէ, երկիրներու թալանումէ, կրօնական պատերազմներէ եւ աշխարհամարտերու կիզակէտը դառնալէ, կրցաւ շրջանցել կործանարար արհաւիրքը եւ հասաւ «կանոնաւոր եւ հաստատուած» ժողովրդավարութեան:

Ո՛չ թէ միայն հասաւ, այլ ատիկա արժեչափերու վերածելով` թուղթին յանձնեց:

Եւրոպան այնպիսի կառոյց մը կերտեց, ուր ամէն գաղափար կարելի էր ազատօրէն արտայայտել, ամէն հաւատք ազատօրէն ապրիլ, ամէն իրաւունք պահանջել եւ հատուցել, ամէն փոքրամասնութեան իրաւունքը երաշխաւորել եւ ամէն անհատի ներկան եւ ապագան ապահովութեան տակ առնել:

Եւ ըսին` «բոլոր անոնք, որոնք կ՛ընդունին ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքները, կրնան միանալ մեզի»:

Ասիկա մեծ բախտաւորութիւն մըն էր մեզի նման երկիրներու ժողովուրդներուն համար: Մակնա քարթան, վերածնունդը, ճարտարարուեստական յեղաշրջումը փախցուցած հաւաքականութիւններս պիտի տիրանայինք այդ ուղիներէն անցած մարդոց իրաւունքներուն:

Պատմութեան կողմէ հաւաքականութեան մը տրուած ամենամեծ պարգեւներէն մէկն էր ասիկա:

«Մենք ալ թեկնածու ենք» ըսինք:

Թեկնածութեան գործընթացին մէջ երկու անուն արմատական դեր ունեցան, առաջինը` Թուրկութ Էօզալն էր, երկրորդը` Թայիփ Էրտողանը. պատճառները իրարմէ տարբեր էին, սակայն երկուքն ալ մեծ փափաք եւ դիմադրութիւն ցուցաբերեցին, որպէսզի բացուին ճամբաները Թուրքիոյ առջեւ:

Ստիպուեցան բազմաթիւ ճակատումներ դիմագրաւել «պետութեան էֆենտիներուն» հետ:

Մենք հասանք մինչեւ Եւրոպական Միութեան դուռերը:

Եւրոպայի մէջ գտնուելով հանդերձ, եւրոպական արժէքներուն ներհակ կարգ մը խմբաւորումներուն առարկութիւններուն հակառակ` կրցանք կոխել այդ հաստատութեան շեմին:

Ոստումներ ըրինք ժողովրդավարութեան, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու բնագաւառներուն մէջ, օրէնքներ հանեցինք:

Եւ… կեցանք:

Յետոյ դարձեալ վերադարձանք «պետութիւն-ստրուկ» մտայնութեան. մեր քաղաքացին իբրեւ «ստրուկ» նկատող պետութեան «նոր տէրերը» իւրացուցին իրենց նախնիներուն այն համոզումը, թէ «պետութիւնն է, որ կ՛որոշէ իր ժողովուրդին տրուելիք եւ չտրուելիք իրաւունքները»:

Հիմա Եւրոպական Միութիւնը կարծր ոճով կը քննադատէ Թուրքիան անոր ազատութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն ներհակ կիրարկումներուն համար:

Իբրեւ պատասխան` իշխանութեան պատասխանատուները «զամբիւղ» կը նետեն այս տեղեկագիրը:

Զամբիւղը նետածնին, սակայն, այս երկրին մէջ ապրող մարդոց իրաւունքներն ու ազատութիւններն են:

Այդ տեղեկագիրը զամբիւղ նետողները արժանի չեն տեսներ, որ այս երկրին մէջ ապրողները ունենան ազատութիւն, հաւասարութիւն եւ արդարութիւն:

Ըստ իրենց, այս ժողովուրդը չի կրնար ունենալ Եւրոպայի մէջ ապրողներուն իրաւունքները:

Տարբեր հարց է Եւրոպական Միութեան անդամակցիլ թէ ոչ, կարեւորը, այս երկրին բնակիչներուն եւրոպացիներուն ունեցած իրաւունքներուն հաւասարապէս տիրանալն է, անոնց նման «մարդ» համարուիլն է եւ պետութեան կողմէ ճնշումի չենթարկուիլն է. Թուրքիոյ համար կարեւորը Եւրոպայի արժեչափերուն հասնիլն է:

Թուրքիան հասա՞ւ այդ արժեչափերուն, ժողովուրդը տիրացա՞ւ բոլոր իրաւունքներուն:

Ո՛չ:

Այդ ժամանակ ինչո՞ւ զամբիւղը նետուեցաւ այն տեղեկագիրը, որուն մէջ կը պահանջուի «ժողովուրդին իրաւունքներուն տրուիլը»:

Որովհետեւ ուզուածը ժողովուրդին «ստրուկ» ըլլալն է եւ այդպէս մնալը:

«Պետութիւնն» ու անոր նոր տէրերը իրենց ըսելիքը ըսին, կ՛ուզեն, որ ստրուկ մնանք:

Կարգը մե՛րն է խօսելու:

Մենք կ՛ուզե՞նք, որ ստրուկ մնանք:

Ահաւասիկ այս հարցումին պատասխանն է, որ պիտի ճշդէ մեր եւ Թուրքիոյ ապագան:

«Թարաֆ»

Հայացուց` Գ. Կ.

Նախորդը

Սուրիացի Թուրքմէններ Սուրիական Նոր Ինքնութեան Մը Հետապնդման Ծիրին Մէջ Կը Միանան Ընդդիմադիր Ուժերուն

Յաջորդը

«100-ամեակի Նախօրեակին Հնարաւոր Է Անգարայի Կողմից Հրապարակուեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտող «Նոր» Արխիւային Փաստաթղթեր». Հարցազրոյց «Երիտասարդ Թրքագէտներու Ակումբ»-ի Նախագահ Լիա Էվոյեանի Հետ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.