
Թրքական «Ուըրլտ Պուլեթին» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Լեռնային Ղարաբաղի «հայկական բռնագրաւում»-ին վերջ տալու համար միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը խնդրած է:
Ան Վիեննայի մէջ Աւստրիոյ նախագահ Հայնց Ֆիշըրի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Հայաստան միջազգայնօրէն իբրեւ Ազրպէյճանի մաս ճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղէն չհեռանալու վրայ կը պնդէ, նոյնիսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` բռնագրաւման դադրեցումը պահանջող որոշում մը որդեգրելէն ետք»:
Ֆիշըր իր կարգին յայտնած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի ոչ միայն տնտեսական գետնի վրայ, այլ նաեւ միջազգային բոլոր բեմահարթակներուն վրայ, մասնաւորաբար` ՄԱԿ-ի մէջ:


