Ի նշանաւորումն Եւրոպական խորհուրդին մէջ Հայաստանի նախագահութեան, 16 մայիսին Սթրասպուրկի քաղաքապետարանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայաստանի դրօշակի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Սթրասպուրկի քաղաքապետ Ռոնալտ Ռիես, Անտորրայի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախորդ նախագահ Ժիլպերթ Սապոյա Սունիէ եւ Սթրասպուրկի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները, Սթրասպուրկի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Յառաջիկայ վեց ամիսներուն Սթրասպուրկի քաղաքապետարանին առջեւ պիտի ծածանին Ֆրանսայի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Հայաստանի դրօշակները:
Ելոյթ ունենալով դրօշակի բարձրացման արարողութեան ընթացքին` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար, Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահ Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց, որ 800 միլիոն եւրոպացիներուն համար Սթրասպուրկը` Եւրոպական խորհուրդի նստավայրը, մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու խորհրդանիշ է: Նալբանդեան աւելցուց, որ իր մշակութային եւ ճարտարապետական ժառանգութեան բազմազանութեամբ Սթրասպուրկ ինքնին կը մարմնաւորէ եւրոպական բազմազանութիւնը: «Հայաստանի նախագահութիւնը կարելիութիւն կ՛ընձեռէ սթրասպուրկցիներուն ծանօթանալու Հայաստանին եւ հայ մշակոյթին` շնորհիւ այն ձեռնարկներուն, զորս մենք կը նախատեսենք միասին կազմակերպել Սթրասպուրկի քաղաքապետարանին հետ», նշեց Նալբանդեան:
Եզրափակելով իր խօսքը` Նալբանդեան յայտնեց, որ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու պատմութեան մէջ կան պահեր, որոնք ընդմիշտ կը մնան բազմաթիւ սերունդներու յիշողութեան մէջ, եւ 16 մայիս 2013-ը այդպիսիներէն պիտի դառնայ Հայաստանի համար:


