Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման աջակցութեան համար կառավարութեան կողմէ ստեղծուած «Իմաստուններու յանձնախումբ»-ի անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին պոլսահայերը պահանջած են պատմութեան դասագիրքերէն հանել հայերը, յոյները, ասորիներն ու հրեաները թշնամի ներկայացնող նիւթերը:
«Իմաստուններու յանձնախումբ»-ի Մարմարայի հատուածի պատասխանատու խմբակի անդամները Պոլսոյ Ս. Վարդանանց եկեղեցիին պատկանող Նազար Շիրինօղլուի անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցած են Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելով քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը եւ ազգային փոքրամասնութիւնները յուզող հարցերը:
Հանդիպման ժամանակ Պոլսոյ Կետիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հիմնադրամի նախագահ Յարութիւն Շանլը յայտնած է, որ տակաւին Թուրքիոյ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ հայերը, յոյները, ասորիները եւ հրեաները թշնամի կը ներկայացնեն: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ նման նիւթերը անյապաղ դուրս բերուին դասագիրքերէն:


