Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Կանխահաս Ներգրաւումը

June 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ Միացեալ Նահանգներու յարձակումը առաջին հայեացքով համազօր է Իսրայէլ-Իրան ռազմական հակամարտութեան ներգրաւումին: Այս կարելիութիւնը չէր բացառուեր անշուշտ, սակայն Միացեալ Նահանգներու նախագահը իրար  հակասող յայտարարութիւններու շարքին խօսած էր նաեւ մինչեւ երկու շաբաթ ժամկէտի մասին, որոշելու համար Ուաշինկթընի ընելիքը:

Երկու շաբաթը շատ շուտ սպառեցաւ. հիմա «խաղաղութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն» ընտրանքը կը դնէ Թրամփը Իրանի առջեւ, հետագայ զարգացումները կանխարգիլելու կամ նոր տարողութիւն հաղորդելու առումներով:

Իրան կը խօսի երկարատեւ հետեւանքներու, ցաւոտ պատասխաններու եւ տարածաշրջանին մէջ բոլոր ամերիկեան կեդրոնները օրինական հաւանական թիրախներ նկատելու մասին:

Պարզեցնելով, քանի մը զարգացման ուղի կ՛ուրուագծուի այս բոլորէն ետք: Առաջինը այն, որ Իրան բաւ կը նկատէ ամերիկեան յարձակումէն անմիջապէս ետք Իսրայէլի վրայ իր իրականացուցած համեմատաբար աւելի տարողունակ հարուածները եւ վերստին կ՛ուղղուի դէպի բանակցութիւններ:

Երկրորդը այն, որ կը շարունակէ հարուածները, այս անգամ ոչ միայն իսրայէլեան տարածքներու, այլ, ըստ իր յայտարարութեան, տարածաշրջանին մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակէտերու վրայ:

Երկրորդ ընտրանքին պարագային, ըստ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, Թեհրան ընտրած կ՛ըլլայ Ուաշինկթընի կողմէ «խաղաղութի՞ւն, թէ՞ ողբերգութիւն» ընտրանքին երկրորդը:

Այս երկրորդ կարելիութիւնը իրենց տարածքներէն բացառելու համար Իրաքը, Օմանը, Փաքիստանը, Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան դատապարտեցին Միացեալ Նահանգներու յարձակումը Իրանի վրայ: Տարածաշրջանային ծաւալուն պատերազմի զսպման միտող դիրքորոշումներ են ասոնք: Գործնական առումով Հորմուզի ջրանցքի փակման ուղղութեամբ իրանեան շրջանակներ դիտարկումէն մէկ աստիճան բարձրացման մագլցում կատարեցին` ըսելով, որ Թեհրան հաւանական կը նկատէ Հորմուզի ջրանցքի փակումը: Մագլցողականութիւնը ուրեմն ունի իր հանգրուանային տրամաբանութիւնը, եւ տակաւին իրադարձութիւնները հոն չեն հասած քարիւղի համաշխարհային շուկայի նկատմամբ քայլեր առնելու:

Չմոռնանք Թրամփի յայտարարութեան երկրորդ բաժինը, ուր ըսել կ՛ուզուի, որ Իրանի հիւլէական զէնքի արտադրողականութեան կարելիութիւնները չէզոքացուած են այս գործողութեամբ եւ հիմա խաղաղութիւն հաստատելու պահն է:

Ամերիկեան յարձակումը դատապարտող յատկանշական երկիրներու շարքին են Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան: Կեդրոնանանք Թուրքիոյ վրայ եւ անմիջապէս յիշենք հակաիսրայէլական յայտարարութիւններու շարանը:

Եթէ ընդունինք, որ Ազրպէյճան իր ռազմավարական եւ այս պարագային ռազմական ոլորտի վերաբերող քայլերը կը համակարգէ Անգարայի հետ, ապա  կը համոզուինք, որ իսրայէլական զինուժին տարածք եւ ռազմակէտ տրամադրելու Ազրպէյճանի որոշումը պէտք է ստանայ Թուրքիոյ թոյլտուութիւնը:

Իսրայէլեան զինուժը հասած է արցախեան տարածքներ, սակայն անոր աշխատիլը Իրանի դէմ կախեալ է Թուրքիայէն:

Ներկայ պահուն Թուրքիան կը թուի, որ կանաչ լոյս չէ տուած Պաքուին եւ անոր ճամբով Թել Աւիւին: Պատերազմի աշխարհագրութեան ընդլայնումի պարագային Անգարան այդ երկընտրանքին առջեւ կրնայ դրուիլ: Անկախ իր տարածքներուն վրայ գործող ամերիկեան ուժերէն, նաեւ այս պարագային Ազրպէյճանի եւ Արցախի մէջ գտնուող իսրայէլեան ուժերու գործի լծուելու ակնկալութեան առումով:

Պաշտօնական Թեհրանը կը յայտնէ, որ ամերիկեան յարձակումներու պատասխանները  խոր զղջում պիտի պատճառեն:

Աւելորդ չէ նշել Իրանի երեք հիւլէական կեդրոններու վրայ յարձակումներէն ետք Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հաստատումը, որ ներկայ պահի դրութեամբ ճառագայթման մակարդակի աճ չէ արձանագրուած:

Հիւլէական կարեւորագոյն կեդրոններու չէզոքացման եւ քանդման գործողութիւններ` առանց ճառագայթային արտանետումի: Մասնագիտական պարզաբանումներ պէտք են, սակայն այս հարցադրումը նախ եւ առաջ պարզ տրամաբանութեամբ կ՛արծարծուի:

Իսկ եթէ իրողապէս չէզոքացուած է Իրանի հիւլէական արտադրութեան ամբողջ կարողականութիւնը, այդ պարագային առաքելութիւնը աւարտած պէտք է նկատել: Այլապէս պատասխան-հակապատասխան շղթան համաձայնուած պահու մը կանգնեցնել եւ անցնիլ բանակցութիւններուն:

Երեւոյթները հետզհետէ կը պարզեն հիւլէականի պատրուակային բնոյթը եւ տարածաշրջանի վերադասաւորումի նպատակային ըլլալու հանգամանքները:

«Ա.»

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները Հարուածեցին Իրանի Հիւլէական Կառոյցները

Յաջորդը

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.