Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աղաւնոյ, Վերջին Հրաժեշտ. Նկարներ` Հազարաւոր Բառերէն Աւելի Խօսուն

August 26, 2022
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէն անգամ Բերձորով Արցախ երթալու ատեն երեւի բոլորս ալ ուշադրութիւն դարձուցած ենք Աղաւնոյի կարմիր կտուրներով տուներուն: Բոլորս ալ պահ մը երանի տուած ենք այդ սարերու-ձորերու արանքը այդպիսի տեսարան ունեցող սիրուն ու յարմարաւէտ տուներուն մէջ ապրողներուն:

Վերջին ժամանակները, սակայն, այնտեղ ապրողներուն համար, մեղմ ըսելով, «լաւ» ժամանակներ չեն: 25 Օգոստոսը վերջին օրն էր, մարդիկ պէտք է թողեն իրենց տունն ու հեռանան…

Յաճախ լուսանկարչութիւնը կը կոչուի «Համամարդկային լեզու», քանի որ լոյսը` լուսանկարչական սարքի խցիկին միջոցով կառավարելու իբրեւ արդիւնք ստեղծուած պատկերները երբեմն կը պատմեն աւելին, քան կարելի է փոխանցել խօսքերու միջոցով: Յարակարծական է, որ իրականութեան մտապատկերման միջոցով ստացուած պատկերները արդէն իրենք իսկ կը դառնան տուեալ ժամանակաշրջանի համր ու միեւնոյն ժամանակ այդքան խօսուն պատմիչները:

Իրականութիւնը տուեալ պահուն անմահացնելու ու այդ պատկերներուն մասին տեսախցիկի միջոցով աշխարհին պատմելու նպատակով այցելած էինք Աղաւնոյ` աշխարհէն կտրուած գողտրիկ այդ անկիւնը, որ վերջին շրջանին խոշորացոյցի տակ յայտնուեցաւ:

Ռուս խաղաղապահները, որոնք արդէն քանի մը շաբաթ է անցակէտ տեղադրած էին ճիշդ գիւղին մուտքին մօտ եւ կ՛արտօնեն միայն բնակիչներուն ու անոնց հարազատներուն շրջան մուտքը, լրագրողներուն ու տեսաձայնագրող սարքերուն նկատմամբ այնքան ալ բարեհաճ չեն, հակառակ անոր որ ազրպէյճանական քարոզչամեքենայի գլխաւոր դէմքերէն մէկը` ինքզինք միջազգային լրագրող ներկայացնելով, անոնց ընկերակցութեամբ շատ ալ հանգիստ նկարեց գիւղը ու այնտեղ ապրողները:

Աղաւնոյի բնակիչները այս օրերուն սակաւախօս են: Շատեր զբաղած են տուներէն իրենց վերջին իրերը դուրս բերելով ու հայրենի գիւղին հրաժեշտի լուռ խօսքեր ըսելով: Ծանր լռութիւնը երբեմն կը խախտեն Աղաւնոյ գետին մէջ խաղացող երեխաներուն ձայներով: Անոնցմէ ամէնէն փոքրերը գուցէ չեն ալ գիտակցիր, որ օրեր ետք այլեւս պիտի չլսեն հարազատ գետին ձայնն ու ամրան տաքին պիտի չկարենան զովանալ գետի սառնորակ ջուրին մէջ: Դեռահասները, որոնք քիչ թէ շատ կը հասկնան իրենց շուրջ տեղի ունեցող դէպքերը, կը փորձեն  յիշողութեան մէջ դաջել պահուան ջերմ վայրկեանները…

Գետէն կը բարձրանաս վերեւ, եւ կրկին Աղաւնոյի կարմիր տանիքներով տուներն են, իսկ տուներէն դուրս` բեռնատարներուն մէջ իրենց իրերը տեղաւորող մարդիկ, որոնց համար ամէնէն թանկարժէքն ու կարեւորը երբեք որեւէ բեռնատարի մէջ կարելի չէ տեղաւորել…

Հոգին տակնուվրայ ընող տեսարաններ են,  մէկ կողմէ` դատարկուող տուներ, միւս կողմէ ալ պատերուն` «Մենք նորից վերադառնալու ենք, ու ապրելու են Աղաւնոյում» գրութիւններ: Յոյսը չես կրնար խլել մարդոցմէ…

Աղաւնոյի մէջ բնակող Աւետիսն ու Անահիտը կը լողան հարազատ գետին մէջ
Մինչ Աղաւնոյի բնակիչները վերջին իրերը դուրս կը բերեն տուներէն, Աւետիսը սովորականին նման կը խաղայ հարազատ գիւղին մէջ
Վերջին օրերուն Աղաւնոն զրկուած էր նաեւ մնայուն ելեկտրականութենէն. գիւղապետ Անդրանիկ Չաւուշեան կը միացնէ այդ օրերուն ելեկտրականութեան միակ այլընտրանքը` հոսանքի շարժակը
Աղաւնոյին մէջ բնակող այս ընտանիքը, ի շարս այլ իրերու, կը տեղափոխէ նաեւ տան դաշնակը
Աղաւնոյէն հեռացող այս կնոջ պատգամը մէկն էր` «Ես կ՛ուզեմ խաղաղ ապրիլ»
Այս օրերուն Աղաւնոյի մէջ բեռնատարներու կրնաս հանդիպիլ ամէն քայլափոխի
Իր առաջին քայլերը առնող փոքրիկը կը փորձէ հասկնալ, թէ ինչո՛ւ կ՛այրեն իրենց տան իրերը
Աղաւնոյի բնակիչները կը նախընտրեն այրել սեփական տան այն իրերը, որոնք չեն կրնար տեղափոխել
Բնակիչներէն մէկը` գլուխը ափերու մէջ առած, կու լայ իր տան պատին տակ
Շունն ալ ուշադիր կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս իրեն համար հարազատ դարձած մարդիկ կը հեռանան գիւղէն
Գիւղէն հեռանալու ատեն` վերջին անգամ կ՛երեւին Աղաւնոյի այդքան գեղեցիկ կարմիր կտուրները
Պիտի վեռադառնանք…

Գրութիւնն ու լուսանկարները` ՏԱԹԵՒ ԴՈՒՐԵԱՆի
«Արմէնփրես»

Նախորդը

Քառ Լռութիւն` Ի Տես Հայկական Գիւղերու Բռնի Դատարկումին, Մինչ Այլ Երկիրներու Պարագային` Աղմուկ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.