Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մարզական Աւանի Նորոգութեան Ծախսերը Պէտք Է Ապահովել» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

June 29, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց Պէյրութի «Քամիլ Շամուն» մարզական աւան` ստուգելու համար անոր նորոգութեան կարելիութիւնները:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանի ընկերակցեցան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէ, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար, Լիբանանի տարածքին գործող մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդի նախագահ Ռիատ Շէյխա եւ լրագրողներ:

Այցելութենէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ցոյց տալ Մարզական աւանին ողբերգական վիճակը, որ պարզուած է պետութեան կողմէ այդ մարզադաշտը լքելու եւ տարեկան դրութեամբ նորոգութեան անոր կարիքները չհոգալու պատճառով:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ մարզահամալիրներու տնօրէն խորհուրդը Մարզական աւանի նորոգութեան առումով իր նուազագոյն պարտականութիւնները չէր կրնար կատարել` նկատի ունենալով, որ ան 2019, 2020 եւ 2021-ի յատկացումները չէ ստացած:

Նախարարի պաշտօնակատարը հաստատեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպում մը ունեցած է երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին հետ եւ քննարկած Լիբանանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին Ֆութպոլի Աշխարհի ախոյեանութեան զտման Գ. մրցաշարքը հիւրընկալելու Լիբանանի կարելիութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս իրադարձութիւնը մարզական, ժողովրդային եւ զբօսաշրջական մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ եւ մեր արտաքին յանձնառութիւնները կը դրսեւորէ իբրեւ պետութիւն:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ պետութիւնը ունի պարտաւորութիւններ` ընդգծելով, որ բոլորը պէտք է նախաձեռնեն չտրամադրուած յատկացումները ապահովելու, «նուազագոյնը այս տարուան յատկացումները, որպէսզի կարելի ըլլայ պէտք եղած նորոգութիւնը կատարել եւ մրցումները հիւրընկալել լիբանանեան հողին վրայ եւ լիբանանցի համակիրներուն ներկայութեամբ», շեշտեց ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան ընդգծեց, որ բոլորը պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնեն` ֆինանսաւորումի անհրաժեշտ միջոցները ապահովելու: «Բոլորս միասին պիտի գործենք, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցինք ելեւմուտքի նախարարութեան հետ` ապահովելու համար անհրաժեշտ միջոցները», հաստատեց ան:

Իր կարգին, Հայտար նշեց, որ Լիբանան միջազգային չափանիշներով մրցումներ հիւրընկալելու երկու ընտրանք ունի` Մարզական աւանը կամ Սայտայի մարզադաշտը, սակայն անոնք նորոգութեան կարիք ունին, եւ ֆետերասիոնը անոնցմէ մէկը նորոգելու գումար չունի: «Հետեւաբար լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ապահովէ այդ գումարը, այլապէս` Լիբանանի ֆութպոլի  ազգային հաւաքականը պիտի ստիպուի հինգ խաղերը հայրենիքէն դուրս խաղալ, հեռու` իր համակիրներէն եւ հողէն: Պետութիւնը պէտք է արագացնէ գումարներ ապահովելու աշխատանքը, սակայն անկեղծօրէն` անձամբ լաւատես չեմ», ըսաւ Հայտար:

Միւս կողմէ, Շէյխա յայտնեց, որ Մարզական աւանին տրուած տարեկան յատկացումները անբաւարար են անոր տարրական նորոգութիւնը հոգալու: Ան աւելցուց, որ երկու տարի առաջ կառավարութեան կողմէ պարտականութիւն տրուած էր Բարգաւաճման եւ վերանորոգումի խորհուրդին` ամբողջական ուսումնասիրութիւն մը պատրաստելու մարզական աւանի նորոգութեան մասին, եւ օրին ի յայտ եկած էր, որ Պէյրութի Մարզական աւանին նորոգութեան ծախսերը շուրջ 50 միլիոն տոլար են:

Նախորդը

Պայթում` Իրաւաբան Սախըր Հաշեմի Գրասենեակին Մէջ

Յաջորդը

Պաապտայի Մէջ. «Իսրայէլեան Բռնագրաւումին Դէմ Կը Պայքարինք Պաղեստինեան Հողին Վրայ» Շեշտեց Հանիէ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.