Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ինքնիշխանութիւն, Համահայկականութիւն Եւ Փոխգործակցութիւն». Մնացականեան Ներկայացուց Հայաստանի Արտաքին Քաղաքականութեան Սկզբունքները

August 30, 2019
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան Ազգային ժողովին մէջ նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներու տարեկան համաժողովի մասնակիցներու հանդիպումին ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք արժէքներն ու երեք սկզբունքները:

«Մենք առանձնացուցած ենք արժէքներու երեք հարթութիւն, որոնց վրայ կը հիմնուի մեր արտաքին քաղաքականութիւնը: Անոնք են քաղաքակրթական արժէքները, մեր պատմական ժառանգութիւնը եւ ժամանակակից ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու արժէքները, զորս մեր ժողովուրդը պաշտպանեց եւ նոր որակ հաղորդեց Թաւշեայ յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդած խորհրդարանական ընտրութիւններու ժամանակ», նշած է Մնացականեան:

«Յատուկ պէտք է ընդգծեմ, որ այս համաժողովի ընթացքին մենք յստակօրէն ամրագրեցինք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան երեք հիմնարար սկզբունքները, որոնց կիրարկումով պէտք է միջազգային ասպարէզին մէջ հետապնդենք Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի արժէքները եւ շահերը: Այդ սկզբունքներն են` ինքնիշխանութիւն, համահայկականութիւն եւ փոխգործակցութիւն», աւելցուցած է ան:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ կարեւոր նկատած է հանդիպումի շրջագիծին մէջ Ազգային ժողովի պատգամաւորներու հետ բաց եւ անկաշկանդ քննարկումը:

«Ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով ընտրուած խորհրդարանի անդամները, որոնք իրենց գործունէութեան մէկ տարուան ընթացքին արդէն կրցած են լաւագոյնս պաշտպանել Հայաստանի շահերը եւ դառնալ Հայաստանի նոր դէմքը խորհրդարանական դիւանագիտութեան հարթակին վրայ, կը կարծեմ, որ համաձայն են իմ այս դիտարկումիս»,  նշած է Մնացականեան` կարծիք յայտնելով, որ Ազգային ժողովը մեծ դերակատարութիւն ունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան սահմանման եւ իրականացման բոլոր փուլերուն մէջ` կառավարութեան ծրագիրի սահմանման, խորհրդարանական լսումներու միջոցով ծրագիրի իրականացման ուղիներու ճշգրտման, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական հարթակին վրայ անոր անմիջական իրականացման ժամանակ:

 

 

Նախորդը

Ստեփանակերտի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Մարթին Սոննըպոռնի Մամլոյ Ասուլիսը

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Ամուլսարի Հարցով Իշխանութիւնը Չէ Արդարացուցած Սպասելիքները»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.