Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ցեղասպանութեան Իրաւական Եզրի Թրքական Եւ Հայկական Ընկալումները

April 8, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-08-15_AgnargԻնքզինք աւելի օսմանցի, քան հայ զգալէ ընդամէնը մէկ օր ետք, Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց. «Ես ըսած եմ, որ ինքզինքս հայ ըլլալէ աւելի օսմանցի կը զգամ: Ես ազգայնական չեմ, սակայն երբ 1915-ը նիւթ կը դառնայ, ես կ՛օգտագործեմ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա ցեղասպանութիւն եղած է, որովհետեւ  ցեղասպանութիւն եզրը եւ 1915-ին տեղի ունեցածը կը համընկնին իրարու: Ցեղասպանութիւնը ոչ թէ պատմական, այլ իրաւական եզր է»:

Այս յայտարարութիւնը արդի Թուրքիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ է` նկատի ունենալով յայտարարողին զբաղեցուցած պաշտօնն ու հանգամանքը:

Նախքան մէկ օր առաջուան յայտարարութեան յետադարձ հայեացք նետելը, փորձենք կեդրոնանալ այս յայտարարութեան քաղաքական մեկնաբանութեան վրայ` ընդգծելու համար հետեւեալ կէտերը:

Ա.- Յայտարարութիւնը պէտք է ընկալել ոչ թէ իբրեւ հայազգիի մը կողմէ կատարուած, այլ` Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականին: Ահա ճիշդ այստեղ է, որ լրատուութեան ներկայացման եւ մեկնաբանութեան համար հայկական ոսպնեակը պէտք է երկրորդ կարգ մղէ խորհրդականին հայազգիութիւնը եւ կեդրոնանայ անոր զբաղեցուցած բարձրաստիճան պաշտօնին վրայ: Տաւութօղլուի եւ Մահճուբեանի անվերջ կրկնած կէտը, թէ գլխաւոր խորհրդականը հայազգի ըլլալու համար չէ, որ նշանակուած է, այս պարագային յօգուտ հայկական կողմին կ՛աշխատի:

Բ.- Թուրքիոյ մէջ տակաւին կը գործէ 301 օրէնքը եւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնելը կրնայ քրէականացուիլ եւ համապատասխան պատիժի ենթարկուիլ` իբրեւ թուրք ժողովուրդին ազգային արժանապատուութիւնը խոցող քայլ: Պաշտօնական Անգարան պէտք է բացատրութիւն տայ, որ Մահճուբեանի այս յայտարարութիւնը կը տեղադրուի 301-ով արգիլուած դրոյթներու շարքին, ինչպէս այլոց պարագային եղած էր:

Գ.- Վարչապետին խորհրդականը այս ձեւով շեղում կատարած է իր երկրին որդեգրած պաշտօնական կեցուածքէն` 1915-ի դէպքերը բնորոշելու առումով:

Դ.- Աւելի՛ն. ան շրջած է նաեւ երկրի նախագահին որդեգրած ժխտողականութեան մարտավարութիւնը, երբ հաստատած է, որ Ցեղասպանութեան հարցը ոչ թէ պատմական, այլ իրաւական եզր է: Այս կը նշանակէ ինքնին, որ ցեղասպանութիւնը իրաւական հետեւանքներ կ՛ունենայ:

Պէտք է խոստովանիլ, որ բաւական բարդ է Մահճուբեանի կատարած յայտարարութիւնները մեկնաբանելը: Փորձենք սակայն, մնալ իր մէկ օր առաջ կատարած յայտարարութեան եւ այս աննախադէպ յայտարարութեան տրամաբանութեան հետեւողականութեան սահմաններուն մէջ:

Եթէ թոյլտուութեամբ կատարուած յայտարարութիւն չէ այս մէկը, ապա Մահճուբեանը պէտք է հրաժեշտ տուած ըլլար իր պաշտօնին: Ո՛չ ակնկալուած թրքական զայրոյթ կայ այս յայտարարութեան դիմաց, ո՛չ ալ Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ համապատասխան արձագանգ: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ հանդուրժողականութեան նմուշ կը բեմադրէ Անգարան միջազգային հանրութեան: Ի վերջոյ, միշտ նկատի ունենալով յայտարարողին հանգամանքը, կատարուածը Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան կիսաճանաչում է:

Պէտք չէ խանդավառուիլ անշուշտ. պէտք է պահել քաղաքական սառնասրտութիւնը: Չմոռնանք, որ նոյն Մահճուբեանը աւելի օսմանցի զգալով յառաջ քշած է հայ, թուրք, ասորի, յոյն, քիւրտ, զազա, եւ այլ ազգերու պատկանող օսմանցիներու համատեղ հայրենիքի գաղափարը:

Եւ ա՛յս է թաւշեայ ժխտողականութեան բուն նպատակը: Նոյնիսկ ցեղասպանութիւն բառը օգտագործել ի հարկին` ամրապնդելով մէկ եւ համատեղ հայրենիքի, բնօրրանի գաղափարը: Հայրենազրկումի գաղափարի արծարծումն է արգիլուածը, բացառուածը:

Այստեղ հարցական է, թէ ոչ պատմական, այլ իրաւական նկատի ունենալով ի՞նչ կ՛ուզէ հասկնալ եւ հասկցնել Թուրքիոյ վարչապետին գլխաւոր խորհրդականը: Իրաւականը հատուցում կ՛ենթադրէ: Բայց խօսքը հատուցման թրքական տարբերակին մասին է: Տաւութօղլուի բարձրաձայնած հատուցումն է. վերադառնալ, վերականգնել թրքական քաղաքացիութիւն եւ ստանալ կորսնցուցած անձնական, թէկուզ եկեղեցապատկան համայնքապատկան կալուածներ. կամ գուցէ փոխհատուցուիլ, եթէ չկան այդ կալուածները` այլ համապատասխան կալուածով կամ համարժէք նիւթականով:

Ամէն ինչ, բացի տարածքային պահանջատիրութենէն: Բացի արեւմտահայոց հայրենիքին վերատիրանալու գաղափարէն:

Մահճուբեանի յայտարարութիւնները հակակշռող եւ քանի մը քայլ ետեւ բերող այլ յայտարարութիւններ ակնկալելի են: Բայց պաշտօնապէս հնչած է արդէն ցեղասպանութիւնն ու ցեղասպանութեան իրաւական եզրի բնորոշիչը թրքական բարձրագոյն դիրքերէ:

Այս յայտարարութիւնները պէտք է լուսարձակի տակ բերել եւ արծարծել ամէն պատեհ առիթի: Նաեւ եւ նախ եւ առաջ Ցեղասպանութեան իրաւական եզրոյթն ու հատուցման թղթածրարին հայկական տարբերակը` իր տարածքային բաժինով ներկայացնելու համար միջազգային հանրութեան:

«Ա.»

Նախորդը

Թէոդորոս Բ. Պապը Պիտի Մասնակցի Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նախաձեռնութիւններուն

Յաջորդը

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Արհեստավարժ Ֆութպոլիստը Կոլի Հեղինակ Դարձաւ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.