«Հայերն այսօր» կը հաղորդէ, որ Աղեքսանդրիոյ եւ Ս. Մարկոսի Աթոռի պատրիարք Թէոդորոս Բ. պապը յայտարարած է, որ պիտի այցելէ Հայաստան` մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն: Ցեղասպանութիւն, որ կատարուած է թուրքին կողմէ, յայտնած է ան` աւելցնելով, որ մայիսի սկիզբը պիտի այցելէ Եւրոպա:
Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը տեղեկացած է Եգիպտոսի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի արաբական կայքէն:
Պատրիարքը եկեղեցական ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ սփիւռքի մէջ ղպտիները երեք հիմնական խմբաւորումներ ունին` Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Աւստրալիոյ մէջ: