Գործնական Խորհուրդներ` Ամրան Տաքուն Թարմ Եւ Գեղեցիկ Մնալու Համար
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Քրտնարտադրութիւն, կպչուն մազեր, դէմքի հոսող շպար... Ամառը միշտ չէ, որ մեր գեղեցկութեան լաւագոյն ընկերն է: Բայց կան գործնական խորհուրդներ` նշուած անպատեհութիւններէն խուսափելու եւ ամբողջ օրը առաւելագոյն չափով թարմ եւ գեղեցիկ մնալու համար: Եւ այսպէս` Քրտնարտադրութիւնը բնական երեւոյթ է. ան ձեր մարմնի միջոցն է գերտաքութենէ պաշտպանուելու համար. այնպէս որ, պէտք է դիմել ճիշդ միջոցներու` անոր անբաղձալի հետեւանքներէն պաշտպանուելու ...











