Շահանդուխտ… Եւ Սնապեան
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Սփիւռքի հայ գրականութեան երկու նուիրեալներ` Պօղոս Սնապեան եւ Շահանդուխտ, որոնց այնքան կը փափաքէի հանդիպիլ տարի մը առաջ ծննդավայրս` Լիբանան այցելութեանս ընթացքին, սակայն... Սնապեան, արդէն իսկ միացած էր անմահներու փաղանգին, իսկ Շահանդուխտ, տեսողութեան դժուար պայմաններու պատճառով, ակամայ հանգստեան կոչուած էր: «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելութեանս խմբագիրներէն մէկը ցոյց տալով երկուքին թափուր գրասեղանները` «Չկան: Պարոնը արդէն արքայութեան մէջ է, բայց միշտ ներկայ ...


