Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան ուրախ է Հայաստանի մէջ փտածութիւնը արմատախիլ ընելու քայլերուն առնչութեամբ: «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, անդրադառնալով Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանի յայտարարութեան` փտածութեան շղթաներու բացայայտման մասին, ընդգծեց, որ ուրախ պիտի ըլլայ, եթէ Հայաստանի մէջ փտածութիւնը արմատախիլ ըլլայ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ նախկին իշխանութիւնները չեն պայքարած այսպիսի երեւոյթները բացայայտելու համար, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը յայտնեց. «Երբ կը բացայայտուին, այն ժամանակ տարբերութիւնները կրնանք գնահատել»:
Ինչ կը վերաբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելու հարցին, Բաբլոյեան նշեց, որ այս հարցը տակաւին կը քննարկուի:
Հայաստանի նորընտիր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ կատարելը պիտի քննարկուի քաղաքական ուժերուն հետ, սակայն, ամենայն հաւանականութեամբ, ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան այս տարի: Ազգային ժողովին մէջ մեծամասնութիւն կազմող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ նպատակայարմար չի նկատեր արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը: