Ի աջակցութիւն Տաւուշի մէջ միակողմանի զիջումներու դէմ պայքարող հայրենակիցներուն, երէկ անհնազանդութեան շարժումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի տարբեր մարզերուն եւ Երեւանի մէջ: Փակուած են միջպետական ճամբաներ, փողոցներ: Մասնակիցները այսպիսով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են տաւուշցիներուն, որոնք աւելի քան մէկ շաբաթէ ի վեր կը պահանջեն հրաժարիլ հակահայ քաղաքականութենէն եւ սահմանազատման գործընթացէն:
Բողոքի շարժումներուն մասնակցած են քաղաքացիներ, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, ընդդիմադիր պատգամաւորներ:
Փակուած է Երեւան-Մեղրի միջպետական ճանապարհի Տիգրանաշէնի հատուածը, Երեւան-Գիւմրի մայրուղին` Ալագեազի հատուածին մէջ, Երեւան-Վարդենիս ճանապարհը` Մարտունիի հատուածին մէջ, Արարատի մարզի Զոդի կամուրջը: Փողոցներ փակուած են նաեւ Երեւանի մէջ` Խորենացի-Զաքեան խաչմերուկ, Չարենցի փողոց:
Մինչեւ ուշ ժամանակ, ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, անհնազանդութեան շարժումներուն ճնշման պատճառով 29 մարդ բերման ենթարկուած է Հայաստանի տարբեր հատուածներէն. 17-ը` Երեւանի մէջ, 12-ը` Նոյեմբերեանի մէջ: