Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բազմամարդ Ջահերով Երթ Դէպի Ծիծեռնակաբերդի Բարձունք` «Զա՛րկ, Երբ Հալածում Են Քեզ» Խորագիրով

April 26, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական եւ Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւններու նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը:

Ջահերով երթը այս տարի կը կրէր «Զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ» խորագիրը:

Երթի սկիզբէն առաջ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը ընթերցեց Աւետիս Ահարոնեանի` հայ ժողովուրդին ուղղուած «Յարգա՜նք քեզ» ձօնը:

Ելոյթներ ունեցան ընկերաբան, իրանագէտ, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Սարգիս Մկրտչեան, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Գոռ Սարգսեան:

Սարգիս Մկրտչեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանը շատ բարդ իրավիճակի մէջ կը գտնուի եւ այս իրավիճակէն դուրս գալու համար պէտք է հասկնանք, որ թշնամիի ցանկութիւնն է, որ հիասթափուինք, կոտրուինք, բայց մենք պէտք է պատրաստուինք երկարատեւ պայքարի` յանուն ազատագրական պայքարին մէջ ընկածներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն զոհերուն: «Պիտի շարունակենք պայքարը մեր արդար իրաւունքներուն ձեռքբերման համար, հզօր ու զարգացած պետութիւն ունենալու համար, արժանապատիւ խաղաղութիւն հաստատելու համար»:

«Մինակ չձգենք տաւուշցին, Արցախը կորսնցուցինք` չկարենալով համախմբուիլ, Տաւուշը մեր դարպասն է», իր խօսքին մէջ ըսաւ Գառնիկ Դանիէլեան` նշելով, որ Տաւուշի մէջ ստեղծուած է Հայրենիքի պաշտպանութեան ճակատ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ եպս. Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, եւ տաւուշցին կանգնած է պաշտպանելու իր հողը:

Երթին մասնակիցները Հանրապետութեան հրապարակին մէջ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար, պայքար» վանկարկումներով, հայրենասիրական երգերով ու պահանջատիրական կոչերով շարժեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:

Երթը կ՛առաջնորդէր հոգեւոր դասը: Մասնակիցները իրենց հետ կը տանէին դրօշները այն երկիրներուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանապետ Արշակ արք. Խաչատրեան Ծիծեռնակաբերդի մէջ իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ հայ ժողովուրդին` ըսելով. «Ով որ կը փորձէ ջնջել կամ կասկածի տակ առնել Հայոց ցեղասպանութեան իսկութիւնը, նզովեալ պիտի ըլլայ սերունդէ-սերունդ, ով որ կը փորձէ ջնջել պատմական մեր յիշողութիւնը, անիծեալ պիտի ըլլայ անոր եւ անոր ընտանիքին անունն ու յիշատակը յաւիտենապէս»:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ երթին մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան աւելի քան 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին: Երթին մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ: Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ:

 

Նախորդը

Անհնազանդութեան Լայնածաւալ Շարժումներ` Հայաստանի Մարզերուն Եւ Երեւանի Մէջ

Յաջորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն` Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Առիթով

RelatedPosts

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»
Հայկական

Խալաֆով. «Շատ Կարեւոր Է, Որ Հայաստանը Այս Պատմական Պատասխանատուութիւնը Ճիշդ Գնահատէ»

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.