Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան հանդիպում ունեցաւ Համաշխարհային դրամատան «Տուինկ Պիզնըս» խումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է գործարար միջավայրի բարելաւման ուղղուած աշխատանքներուն եւ իրականացուող բարեփոխումներուն, որոնք կարելիութիւն կու տան բարելաւելու Համաշխարհային դրամատան «Գործարարութեամբ զբաղիլը» զեկուցումին մէջ Հայաստանի դիրքերը: Նախարար Մինասեան փորձագէտներուն ներկայացուցած է մարզին շարք մը փոփոխութիւնները, որոնք էականօրէն դիւրացուցած են գործարարութեամբ զբաղելու կարելիութիւնները:
Բարեփոխումներ իրականացուած են գնահատման մարզերը կարգաւորող օրէնսդրութեան համակարգերուն մէջ: Նախարարը փորձագէտներէն խնդրած է ուշադրութիւն դարձնել քաղաքական նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ ընձեռուած կարելիութիւններուն` շեշտելով, որ նոր թափով պիտի շարունակեն աշխատիլ բաց եւ թափանցիկ գործելաոճով գործարար միջավայրի բարելաւման համար լաւագոյն որոշումները ընդունելու ուղղութեամբ:
«Տուինկ Պիզնըս» խումբի ներկայացուցիչներ Տիցիանա Լոնտերոն եւ Պարվինա Ռահիմովան սեղմ ժամկէտներու մէջ հանդիպումը նախաձեռնելու համար շնորհակալութիւն յայտնեցին նախարարին եւ անդրադարձան աշնան ներկայացուող վարկանշային զեկուցումի պատրաստութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ յայտնեցին շաբթուան մը ընթացքին Հայաստանի գործարար շրջանակներուն հետ ունեցած հանդիպումներէն իրենց տպաւորութիւնները: Փորձագէտները ընդգծեցին գործարարներու ոգեւորութիւնը նոր կառավարութեան եւ քաղաքական փոփոխութիւններու առնչութեամբ, ինչ որ լաւ ազդակներ կրնայ ունենալ գործարարութեան խթանման համար:
Արծուիկ Մինասեան անգամ մը եւս վստահեցուց, որ գործարարներու հետ անմիջական կապ պիտի ստեղծեն իրականացուող բարեփոխումներուն մէջ կիրարկելով նոր գործիքակազմ, պիտի անդրադառնան անոնց կողմէ դրուած բոլոր խնդիրներուն ու առաջարկներուն:



