Յայտարարութիւններ (24 Յունիս 2020)
ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Ծովակ Գույումճեան եւ զաւակները` Յովիկ եւ Ճենի Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Հայկուհի Ճամպուլեան Տիար Արա Ճամպուլեան Տէր եւ տիկին Յարութիւն եւ Աստղիկ Գանտահարեան եւ զաւակունք Տիար Վիգէն ... Շարն.
«Թուրքիան Եւ Եգիպտոսը Լիպիոյ Տագնապի Լուծման Համար Ռուսիոյ Գործելաոճին Համաձայն Են» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, իր եգիպտացի եւ թուրք պաշտօնակիցներուն հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալէ ետք, երէկ կոչ ուղղեց` Լիպիոյ մէջ անմիջական զինադադար հաստատելու: «Թուրքիան եւ Եգիպտոսը տագնապի լուծման Ռուսիոյ ... Շարն.
Իննսնամեայ Պատանին
ՍԱՐՕ ԹՈՆԴԵԱՆ «Համազգային»ի Ճեմարանը լոկ քարաշէն կառոյց մը չէ. ոչ ալ` դասական ու սովորական կրթական հաստատութիւն մը: Ճեմարանը ոգեշնչող ապրող էակ մըն է, որ վերստին ծնունդ կ'առնէ, ամէն անգամ, որ ... Շարն.
«Քալչիօ». Մխիթարեան Շատ Հաւանաբար Մասնակցի Այսօրուան Մրցումին
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմա խումբին միջնապահ՝ Հենրիխ Մխիթարեան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ այսօր՝ չորեքշաբթի, 24 յունիսին Սամտորիայի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին: Այս մրցումը կ՛իյնայ ... Շարն.
Մահացաւ Անուանի Մարզիկ, Մարզիչ Եւ Իրաւարար՝ Ստեփան Ղազարեան
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ կեանքէն հեռացած է անուանի մարզիկ, մարզիչ եւ իրաւարար՝ Ստեփան Ղազարեան: Ան 84 տարեկան էր: 29 յունիս 1935-ին Երեւանի մէջ ծնած Ղազարեան, նախկին ... Շարն.
Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Վարակուած՝ «Քորոնա» Ժահրով
Տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով, այս գծով երէկ յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Նշուեցաւ, որ նախորդ շաբաթ, 33 տարեկան Ճոքովիչ Խրուաթիոյ ... Շարն.
Արաբական Լիկան Կը Դատապարտէ Լիպիոյ Մէջ Բոլոր Տեսակի Օտար Զինուորական Միջամտութիւնները
Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարները Ողջունեցին Գահիրէի Յայտարարութիւնը Արաբ արտաքին գործոց նախարարները երէկ իրենց գումարած արտակարգ ժողովի ընթացքին Եթովպիոյ կոչ ուղղեցին համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ «Նահտա» ամբարտակի աւազանը ջուրով չլեցնելու` ընդգծելով, որ ... Շարն.
«Մենք Ռուսիոյ Հետ Սերտ Դաշինքի Մէջ Ենք» Կ՛ըսէ Մոալլեմ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ հետեւած է Սուրիոյ հարցով Միացեալ Նահանգներու պատուիրակ Ճէյմս Ճեֆրիի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` «Սիզըր» ամերիկեան ... Շարն.
Մաքրոն. «Լիպիոյ Մէջ Թուրքիոյ Վտանգաւոր Խաղը Եւրոպայի Համար Ուղղակի Սպառնալիք Է»
Անգարա. «Ֆրանսա Լիպիոյ Մէջ Վտանգաւոր Խաղ Կը Խաղայ» Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Միջերկրական ծովուն մէջ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ արձանագրուած զինուորական վերջին միջադէպը, որուն շուրջ ՕԹԱՆ հետաքննութիւն կը ... Շարն.
Թրամփ Եւ Մաքրոն Կոչ Կ՛ուղղեն Լիպիոյ Մէջ Զինադադար Հաստատելու Եւ Բանակցութիւնները Շարունակելու
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց Լիպիոյ տագնապին զարգացումները: Երկու ղեկավարները շեշտեցին «Լիպիոյ մէջ զինադադար հաստատելու կարեւորութիւնը»: Սպիտակ տունը հաղորդեց, ... Շարն.
Յայտարարութիւն
Վերջին շաբաթներուն աշխարհասփիւռ հայութիւնը ականատես է Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ դրսեւորուած ատելի հրահրութեան եւ թշնամական գործողութիւններու` Թուրքիոյ, Հարաւային Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհին մէջ: Այս սադրանքներէն առաւել ուշագրաւները եղան Լիբանանի մէջ ... Շարն.
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը Կը Շարունակէ Աջակցիլ Լիբանանի Հայկական Կրթական Հաստատութիւններուն Եւ Լրատուամիջոցներուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը 55.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւն կատարած է` աջակցելով Լիբանանի կրթական հաստատութիւններուն, որոնք երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական ճգնաժամային պայմաններուն պատճառով դժուար կացութեան մէջ յայտնուած է: Ինչպէս կը տեղեկացնեն «Հայաստան» ... Շարն.
«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Մէջ
23 յունիսի դրութեամբ Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրի 418 նոր դէպք, մահացած է 12 անձ, ապաքինած` 1013: Այսպիսով, Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն ընդհանուր թիւը արդէն շրջանցեց 21.000-ը, մինչ ... Շարն.
Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերն ու Լիբանանի երիտասարդութիւնը յուզող խնդիրները, յատկապէս նկատի ունենալով, որ նախարարութիւնը կը ... Շարն.
Էրտողանի Հրամանով Պիտի Ստեղծուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Դէմ Պայքարի Կառոյց
Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթի լրագրող Նուրայ Պապաճան կը գրէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկուն` «Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներուն հակադարձելու եւ ռազմավարութիւն մշակելու համար» պիտի ստեղծուի ինքնուրոյն եւ քաղաքացիական նոր կառոյց: ... Շարն.
Բագրատունի Այցելեց Պաշտպանութեան Նախարարին
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքըրի, որուն հետ կատարեց Լիբանանի եւ շրջանային թատերաբեմին վրայ արձանագրուած դէպքերու քննարկումը: Բագրատունի ... Շարն.
Պաապտայի Հինգշաբթի Օրուան Երկխօսութեան Հանդիպումը Տեղի Պիտի Ունենայ
Հակառակ անոր որ Պաապտայի մէջ հինգշաբթի օրուան երկխօսութեան հանդիպումին մասնակցութեան առումով ժխտական պատասխանները աճ կ՛արձանագրեն, այսուհանդերձ նախագահական պալատին մէջ պատրաստութիւնները կը շարունակուին` ամէն գնով հիւրընկալելու այդ հանդիպումը: Հանրապետութեան նախագահ զօր. ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 1622-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 19 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 12-ը տեղացիներ են, իսկ 7-ն` արտերկրի լիբանանցիներ: «Քորոնա» ... Շարն.
«Մենք Հոս Ենք, Այս Երկրի Հիմնադիր Համայնք Ենք, Եւ Այս Երկրին Պարտաւորութիւնն Է` Լիբանանեան Պետութիւն Եւ Բոլոր Համայնքներ, Նոյն Ձեւով Վերաբերելու Մեզի Հետ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հարցազրոյցը արտագրեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երկուշաբթի, 22 յունիս 2020-ին, «Վանայ ձայն»-էն հարցազրոյցի մը ընթացքին, զոր վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Ֆոնտին
«Փէյփալ» ծրագիրին միջոցով, Մարօ Գանտահարեանի մահուան առիթով փոխան ծաղկեպսակի` Սարգիս Տաղտեվիրեան (Միացեալ Նահանգներ) 50$ Շարն.