Վազգէն Մանուկեան. «Նիկոլը Պատասխան Պիտի Տայ Ամէն Ինչի Համար, Պիտի Ըլլայ Երկու Դատ»
«Նիկոլ Փաշինեան վտանգաւոր դարձած է Հայաստանի ապագային համար, ան ուժասպառ ձեւով կը փորձէ ամէն գնով իշխանութիւն պահել, ո՛չ յարգանք ունի ժողովուրդին կողմէ, ո՛չ յարգուած է արտաքին աշխարհին կողմէ», ըսաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան, երէկ` չորեքշաբթի, 17 փետրուարին Ազատութեան հրապարակին վրայ քաղաքացիներուն հետ տեղի հանդիպումի ընթացքին` աւելցնելով, որ Փաշինեան ոչ մէկ օգուտ ունի Հայաստանին համար, իսկ անոր...



















