Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաղաթէլեան. «Մեր Գլխաւոր Նպատակը Այս Իշխանութիւնները Օր Առաջ Հեռացնելն Է»

Փետրուար 17, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիւմրիի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի աջակցութեան ցոյցի մասնակիցներուն մեծ մասը Երեւանէն տարուած մարդիկ էին` իրենց յայտնի անդամները. յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը Ազատութեան հրապարակին վրայ` քաղաքացիներու հետ Վազգէն Մանուկեանի հանդիպման ժամանակ:

«Մենք շատ բնական կը նկատենք, թող շարունակեն այդ ցոյցերը ընել` ի պաշտպանութիւն այս դաւաճան իշխանութեան ու այդպիսով ամբողջապէս կիսեն այն բոլոր մեղքերն ու դաւաճանութիւնները, զորս իրագործած է այս իշխանութիւնը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ան նշեց, որ բնական կը վերաբերի նաեւ ցուցարարներու թիւին առումով. «Եթէ ամբողջ վարչական, պետական միջոցներով կրնան այդքան աջակից գտնել այսօրուան իշխանութեան համար, բնական է»:

Սաղաթէլեան վստահեցուց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումը այդ ճամբով չի փորձեր մարդ հաւաքել, քանի որ իրենց խնդիրը ատիկա չէ:

ՀՅԴ-ի Հայաստանի կառոյցի ղեկավարը նաեւ առաջարկեց Նիկոլ Փաշինեանին փաստել, որ ինք 850 հազար աջակից ունի, ինչպէս որ ան կ’առաջարկէր 2018-ին գործող իշխանութեան:

Իշխան Սաղաթէլեան անգամ մը եւս վստահութիւն յայտնեց, որ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի` 20 փետրուարի հանրահաւաքը Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի ըլլայ մեծ հանրահաւաք` հետաքրքրական վերջաբանով:

Ան ըսաւ, որ հանրութեան արձագանգը ատիկա կը յուշէ:

«Մեր գլխաւոր նպատակը այս իշխանութիւնները օր առաջ հեռացնելն է, եւ մեր բոլոր գործողութիւնները պիտի բխին այդ նպատակէն», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ըստ Սաղաթէլեանի, ընդդիմադիր 6 առաջնորդներու` նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպումին քննարկուած են ընթացիկ հարցեր:

 

 

Նախորդը

«Միասին Մենք Կը Փրկենք Մեր Հայրենիքը». Մեծ Հանրահաւաք` Ազատութեան Հրապարակին Վրայ

Յաջորդը

Վազգէն Մանուկեան. «Երբ Նիկոլը Հրաժարական Տայ, Ժողովուրդին Լաւատեսութիւնը Պիտի Վերադառնայ»

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Հայկական

Ցաւակցագիր

Հոկտեմբեր 26, 2025
Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?