Երէկ` ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին կազմակերպած` ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան անդամներէն Ռոստոմի (Ստեփան Զօրեան) մահուան 100-ամեակին նուիրուած յիշատակի ձեռնարկը` պաշտօնական հիւրերու եւ մեծաթիւ հայորդիներու ներկայութեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սիլվի Սէրայտարեան, որ ըսաւ, թէ Ռոստոմ իր կենդանութեան դարձած է յեղափոխական գործիչ, իսկ մահէն ետք հերոսացած ու անմահացած է շնորհիւ իր աշխատանքին: «Հարիւր տարի ետք իսկ բոլորին ծանօթ է Ռոստոմին դիմանկարը, կը յիշենք զինք մեր ազգային-յեղափոխական երգերուն մէջ: Ի սփիւռս աշխարհի իր անունով կոչուած են կոմիտէներ, երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններ: ՀՅԴ զինանշանին վրայ դրոշմուած իր բռունցքով, ան հանդիսացաւ հայ երիտասարդի կամքին ուժը մարմնաւորողը: Իր մահէն նոյնիսկ հարիւր տարի ետք կը զգանք անոր ներկայութիւնը դաշնակցական սուրբ գործին մէջ: Ռոստոմը անմահ է, որովհետեւ անոր գաղափարը անմահ է: Գաղափար մը, որ տասնեակ տարիներ սնանեց եւ դաստիարակեց սերունդներ: Այս սերունդներէն շատեր նահատակուեցան եւ իրենց կեանքը նուիրեցին հայրենիքի զոհասեղանին: Ուրիշներ, ըլլան անոնք Հայաստանի թէ արտասահմանի մէջ, կը պայքարին ներքին անարդարութեան եւ արտաքին թշնամիի սադրանքներուն դէմ», ըսաւ ան: Խօսքի աւարտին Սէրայտարեան «Ռոստոմ» կոմիտէութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի բարերար Օննիկ Աճէմեանին, որ յանձն առած է Ռոստոմի կիսանդրիի պատրաստութեան ծախսը:
Ապա Լորի Պիլալեան սրինգով քանի մը երգ նուագեց:
Օրուան բանախօսը` Համբիկ Պիլալեան, իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր երրորդութեան կաղնին` Ստեփան Զօրեանը, Ռոստոմը, ստեղծած է Դաշնակցութեան տաճարը, գործի ու կամքի եկեղեցին, որ չունի պատեր, զարդարանք, գմբէթ ու զանգակատուն, այլ անիկա հոգեկան ամրոց մըն է, գաղափարական աշխարհի խորան մը, որ ամրակուռ պարիսպով պատուած է, ուր կրնան մտնել բոլորը, սակայն միայն նուիրեալներն են, ազգին բարօրութեան հաւատացողները, հայրենիքի ազատութեան ու անկախութեան համար իրենց սուրբ արիւնը թափած տղաներն են, որոնք կրնան հոն աղօթել ու մոմ վառել` իբրեւ վարձատրութիւն եւ գոհունակութիւն:
Ան ըսաւ, թէ «Ռոստոմ իր հոգին միշտ դրած է գործին մէջ, ո՛չ անունը»: Ռոստոմէն մեզի ժառանգուած մտքի արտադրութիւնը եղած է շատ չնչին, բաղդատած այլ գործիչներու: Այսուամենայնիւ, անոր մտածումները եղած են կուռ, եզակի, բովանդակալից ու խորաթափանց: Հ. Պիլալեան հաստատեց, որ Ռոստոմի գրութիւններուն կարելի է ծանօթանալ, մասնաւորաբար, ՀՅԴ Ծրագիրի մշակման մէջ իր ունեցած ներդրումին, նամակներու, թղթակցութիւններու եւ յօդուածներու ընդմէջէն: Ռոստոմի համար գրելը տառապանք ու հոգեկան ծանր պարտականութիւն եղած է, որովհետեւ անոր սիրտն ու միտքը միշտ ալ բաբախած են միասնաբար` իբրեւ կենդանի տարրեր, ապրող էութիւններ, եւ ոչ թէ` իբրեւ յուզական-զգացական վիճակներ:
Բանախօսը յիշեց նաեւ ղեկավար ընկերոջ անսահման ընկերասիրութիւնը, իրական նուիրումը եւ աստուածային սէրն ու յարգանքը հանդէպ տանջուողին, տառապողին, դաշնակցական ընկերոջ: Ան ըսաւ, թէ Ռոստոմը չէ ունեցած ընտանեկան կեանք: Ան թափառական կեանք վարած եւ ամբողջովին փարած էր սրբազան գործին:
«ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդը ունէր տարբեր կազմաւորում եւ մարդկային որակ: Անոնք ցոյց տուին այնպիսի հաւատամք, նուիրումի բարձունք, հայրենասիրական զգացողութիւն, պայծառ աշխատանք ու ապրումներու խայտանք, որոնց դժուար թէ հանդիպինք հայոց պատմութեան վերջին դարերուն: Եւ այդ սերունդին ընտիր, ազնուական ու ասպետական զաւակներէն էր մեր ընկերը` Ռոստոմը, որ շնորհիւ իր դաշնակցականի հոգեկերտուածքին, մարդ արարածը սիրելու անոր գերազանց ուժին, ընկերասէրի հրաշալի ունակութեան, ազգին ծառայելու կոչումին, ծով համբերատարութեան, զուսպ կեանք ապրելու հրաշք կարողութեան, գիտական միտքին ու ապառաժեայ կամքին, կրցաւ ստեղծել հայոց նոր դարաշրջանը», ըսաւ Հ. Պիլալեան, ապա խօսքը ուղղելով Ռոստոմին ըսաւ.
«Սիրելի՛ ընկեր, դուն եղար պատուաւոր եւ ուխտապահ զինուորագրեալ, ինչպէս ընկերներդ` Քրիստափոր Միքայէլեանն ու Սիմոն Զաւարեանը, ու շատ-շատեր: Դուն սիրեցիր Դաշնակցութիւնը եւ եղար անոր խոնարհ ծառան, պաշտեցիր Դաշնակցութիւնը եւ անոր դրօշին տակ նուիրաբերեցիր ամբողջ էութիւնդ յանուն ազգի ու հայրենիքի ազատութեան եւ փրկութեան, եղար տիպար ղեկավար ու ներշնչեցիր հազարաւոր դաշնակցականներ, եղար անբասիր առաջնորդ ու սերունդներ դէպի անմահութիւն ճամբեցիր, դարձար սիրոյ աղբիւր` գալիք սերունդներու, եղար գաղափարի մարտիկ ու անով երիտասարդ հոգիներ աշտարակեցիր, եղար առաքինի հայ ու յարգուեցար ամբողջ ազգին կողմէ, գերադասեցիր Դաշնակցութեան ու ազգին արժանապատուութիւնը, երբ մտքով գաճաճներ ու փառասէրներ իրենց տգեղ վերաբերումով վիրաւորեցին արժանապատուութիւնդ, եղար գլխագիր ՄԱՐԴ ու կերտեցիր դաշնակցական մարդու տեսակը, եղար մեծ գաղափարախօս ու կառուցեցիր դաշնակցականի տաճարը, եղար գերազանցապէս գործի մարդ, բայց մնացիր խոնարհ եւ ստուերի մէջ հզօր ու միայնակ, ինչպէս` վեհափառ Արարատը»:
Բանախօսութենէն ետք Համազգայինի «Գուսան» սենեկային երգչախումբի արական կազմը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, նուագակցութեամբ` Հենրի Իշխանեանի, կատարեց չորս ազգային-հայրենասիրական բազմաձայնուած երգեր:
Ձեռնարկի աւարտին Ռոստոմի կիսանդրիները բաժնուեցան ներկաներուն` իբրեւ յիշատակ Ռոստոմի կամքէն: